Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԳՆ-ի Երեք Տեղակալները Ազատուեցան Պաշտօնէն

ԱԳՆ-ի Երեք Տեղակալները Ազատուեցան Պաշտօնէն

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներ՝ Աւետ Ադոնցը, Արտակ Ապիտոնեանը եւ Գագիկ Ղալաչեանը Նիկոլ Փաշինեանի` արձակուրդի մէջ գտնուելու ընթացքին զինք փոխարինող փոխվարչապետի պաշտօնակատար՝ Տիգրան Աւինեանի այսօրուայ՝ Յունիս 8-ի որոշումներով ազատուած են գրաւած պաշտօններէն, այս մասին տեղեկացանք Հայաստանի կառավարութեան որոշումներու պաշտօնական կայքէջէն։

Եթէ Գագիկ Ղալաչեան հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր դեռ Մայիս 27-ին, ապա երէկ յայտարարուեցաւ, որ Աւետ Ադոնցը, Արտակ Ապիտոնեանը եւ չորրորդ փոխնախարար Արմէն Ղեւոնդեանը աշխատանքէն ազատման դիմումներ ներկայացուցած են եւ անցեալ շաբաթ համապատասխան միջնորդագիրներով ուղարկած վարչապետի աշխատակազմ:

Աշխատանքէն ազատուած երեք փոխնախարարներէն կապուեցանք Գագիկ Ղալաչեանի հետ, սակայն ան հրաժարեցաւ պատասխանել հարցերուն, անոնց կարգին` իր հրաժարականի պատճառի վերաբերեալ հարցին. «Ես խնդրում եմ բոլոր մեկնաբանութիւնների համար լրատուական դիմէք էլի: Ոչ մի բան չունեմ ասելու Ձեզ»:

Հրաժարական ներկայացուցած արտաքին գործոց նախարարի բոլոր չորս տեղակալներէն միայն Արմէն Ղեւոնդեանի հրաժարականը չէ ընդունուած, եւ փաստօրէն, ի պաշտօնէ ան պէտք է շարունակէ ղեկավարել հանրապետութեան համար կարեւոր գերատեսչութիւնը։

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութենէն ներս հրաժարականներու շարքը սկսաւ Մայիս 27-ին, երբ աշխատանքէն ազատման դիմում ներկայացուց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար՝ Արա Այվազեանը՝ պաշտօնավարելով կէս տարիէն քիչ մը աւելի։ Ընդ որում, չորս օր անց Արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմի հետ հրաժեշտի հանդիպման ժամանակ Այվազեանը ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրաւ՝ իր հրաժարականի պատճառին վերաբերեալ. «Իմ հրաժարականի որոշումը պայմանաւորուած էր հենց այդ պատճառով, որպէսզի երբեւիցէ որեւէ կասկած չլինի, որ այս նախարարութիւնը կարող է ինչ-որ քայլ անել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ-որ գաղափարների, նախաձեռնութիւնների, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերի դէմ են եղել»։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment