Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Յունիս 1-ին կայացած ընկերական խաղին մրցեցաւ աշխարհի առաջնութեան փոխախոյեան Խորուաթիայի հաւաքականին հետ, Վելիկա Գորիցայի ՚Քաղաքայինՙ մարզադաշտին վրայ:
Հայաստանի ընտրանին լաւ հնարաւորութիւն ունէր բանալու խաղի հաշիւը, սակայն Էդգար Բաբայեանի հարուածը շեղեցաւ մրցակիցի դարպասէն: Այնուհետեւ Խորուաթիան տիրեց նախաձեռնութեանը եւ 23-րդ վայրկեանին առաջ անցաւ հաշուի մէջ: Անկիւնայինի խաղարկումէն յետոյ աչքի զարկաւ Իվան Պերիշիչը: Խումբերը հանգստի գացին խորուաթներու նուազագոյն առաւելութեամբ:
Երկրորդ կէսին Խորուաթիայի ազգային ընտրանին հիմնականին մէջ կը տիրէր նախաձեռնութեանը: Հայաստան կարողացաւ օգտագործել իր հնարաւորութիւնը, եւ հաշուի հաւասարութիւնը վերականգնեց Վբեյմար Անգուլոն: Կապառոսի մի քանի փոփոխութիւնները փոխեցին հաւաքականի տեսքը, որ սկսաւ աւելի գործօն ըլլալ: Ի վերջոյ հանդիպումը աւարտեցաւ ոչ-ոքի` 1:1: