Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Ուժերը Պէտք Է Դուրս Քաշուին Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածքէն. Մաքրոն

Ատրպէյճանական Ուժերը Պէտք Է Դուրս Քաշուին Հայաստանի Ինքնիշխան Տարածքէն. Մաքրոն

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար՝ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի Սենատի նախագահի հետ որմէ ետք ուղեւորուեցաւ Փարիզի քաղաքապետարան` հանդիպելու քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ: Անկէ ետք պիտի հանդիպի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Փարիզի այս վերջին կէտէն ետք, վարչապետի պաշտօնակատարը կը մեկնի Պրիւքսել` վաղը հանդիպումներ ունենալու Պելճիքայի վարչապետ՝ Ալեքսանտր դը Քրոյի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ՝ Շառլ Միշելի հետ։

Մինչ այդ այսօր՝ Յունիս 1-ին Փաշինեանի գլխաւոր հանդիպումը Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ էր: Այս աշխատանքային այցը տեղի կ’ունենայ անոր հրաւէրով: Մինչեւ աշխատանքային ճաշի անցնիլը երկու երկիրներու ղեկավարները յայտարարութիւն ըրին լրատուամիջոցներուն համար:

Մաքրոնը, մասնաւորապէս, նշեց, որ Հայաստան այս պահուն ճգնաժամային իրավիճակի մէջ կը գտնուի եւ ՀՀ-ի համար դժուար փուլին կը կայանայ Փաշինեանի այցը: Ան շեշտեց, որ Ֆրանսան պատրաստ է աջակցիլ եւ առաջին հերթին ռազմագերիներու եւ այլ ձերբակալուածներու վերադարձի հարցով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանը պէտք է ետ քաշուի մինչեւ Մայիս 11-ի ելման դիրքերը, եւ որ սահմանագծման գործընթացը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով:

pashinyan-macron-paris-06-01-b

«Թանկագի՛ն Նիկոլ, մենք շատ աշխատած ենք միասին վերջին տարիներուն ձեր յանձնառութենէն ի վեր` ի նպաստ ժողովրդավարութեան պայքարի, քոռուփցիայի դէմ, եւ ես կը յիշեմ յատկապէս Ֆրանքոֆոնիայի գագաթնաժողովը, իմ այցելութիւնը Երեւան եւ մեր այցելութիւնները եւ մեր քննարկումները:

Այս աշխատանքային այցելութիւնը շատ կարեւոր պահու կ’իրագործուի, Հայաստանը անվտանգութեան ճգնաժամի մէջ է: Նոյեմբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութենէն ի վեր մենք կը նկատենք, որ եթէ նոյնիսկ ընդհանուր առմամբ հրադադարը կը պահպանուի, բայց ընելիքները շատ են, Ֆրանսան պատրաստ է օգնել այս հարցով:

Առաջին հերթին խօսքս կը վերաբերի ռազմագերիներու ազատ արձակման, ինչպէս նաեւ միւս բանտարկեալներու, նաեւ մարդասիրական օգնութեան հարցը, տարածքներու ականազերծումը, նաեւ շատ կարեւոր հարց է ժառանգութեան պահպանութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ շրջակայ տարածքներուն մէջ, ըլլայ  քրիստոնէական կամ՛ մահմետական ժառանգութիւն, պէտք է անպայման պահպանուի», – ըսած է Մաքրոն` շարունակելով. «Որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ` Ֆրանսայի պարտքն է ամէն ինչ ընել, որպէսզի կողմերը ապամագլցման հասնին, եւ հաստատուի երկխօսութիւն։

Անկէ բացի, կ’ուզեմ նաեւ խօսիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վերջին միջադէպերուն մասին: Ինչպէս արդէն ըսած եմ պարոն Փաշինեանին եւ հրապարակայնօրէն Մայիս 13-էն, սահմանազատումը պէտք է կատարուի բացառապէս բանակցութիւններու միջոցով, եւ ոչ մէկ պարագային պէտք չէ դիմել ուժի: Ատրպէյճանական զօրքերը պէտք է դուրս քաշուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, եւ ես կոչ կ’ընեմ կողմերուն վերադառնալու Մայիս 11-ի դրութեամբ եղած ելման դիրքեր։

Կը փորձենք օգնել երկխօսութեան հաստատման հարցով: Այս դժուար իրավիճակին մէջ, ուր յայտնուած է Հայաստանը, Ֆրանսան Հայաստանի կողքին է, ինչպէս միշտ` թէ մարդասիրական առումով, նաեւ Կարմիր խաչի միջոցով օժանդակութիւն կը ցուցաբերենք, որոնք կ’աջակցին ռազմագերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, եւ կը շարունակեն անհետ կորածներու որոնողական աշխատանքները»:

Մաքրոն անդրադարձաւ թէ Փաշինեանի հետ խօսած են նաեւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերու մասին, օգնելու Հայաստանին զարգացնել ենթակառուցուածքները:

«Եւ դժուար ժամանակներուն Ֆրանսան հաստատակամ է, որ ի վերջոյ խաղաղութիւն կը հաստատուի տարածաշրջանին մէջ», ըսաւ մաքրոն:

Նիկոլ Փաշինեան իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Էմանուէլ Մաքրոնին եւ Ֆրանսային իր ջանքերու համար եւ նաեւ կրկնեց առաջարկը` իր Ֆրանսացի պաշտօնակիցը հրաւիրելով Հայաստան:

«Ֆրանսան ու Հայաստանն ունեն առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններ, եւ շատ կարեւոր է արձանագրել, որ այս ընթացքում հայ ժողովուրդը, ՀՀ-ն մշտապէս զգացել է Ֆրանսայի աջակցութիւնը եւ նախագահ Մաքրոնի անձնական աջակցութիւնը: Շատ կարեւոր հանգամանք եմ ուզում ընդգծել, որ նախագահ Մաքրոնը մեր տարածաշրջանում ճգնաժամի մեկնարկի առաջին օրից խօսել է ճշմարտութեան լեզուով, եւ այդ ձայնը լսելի է եղել ամբողջ աշխարհում, եւ սա շատ կարեւոր է մեզ համար: Ուզում եմ ընդգծել, որ Ֆրանսան եւ նախագահ Մաքրոնն այդ յանձնառութիւնը շարունակում է, եւ սա չափազանց կարեւոր է մեր տարածաշրջանի ճգնաժամային իրավիճակները յաղթահարելու առումով», – ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը` շարունակելով. «Կարեւորում ենք Ֆրանսայի դերը` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահող երկիր, եւ չափազանց կարեւոր է համանախագահութեան գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման եւ տարածաշրջանային ճգնաժամերի կարգաւորման, երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու գործում»:

Փաշինեան իր ուրախութիւնը յատնեց այսպիսի շփման հնարաւորութիւն ունենալու համար, եւ համոզմունք արտայայտեց, որ այսօրուայ քննարկումները կը ծառայեն ի շահ երկու երկիրներու բարեկամութեան, տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment