Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մօտ Եւրոպական Միութեան Եւ ԵՄ-ի Քանի Մը Երկիրներու Դեսպաններ Այցելած Են Սեւ Լճի Յարակից Տարածք

Հայաստանի Մօտ Եւրոպական Միութեան Եւ ԵՄ-ի Քանի Մը Երկիրներու Դեսպաններ Այցելած Են Սեւ Լճի Յարակից Տարածք

by MassisPost

Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած խումբ մը դեսպաններ, անոնց կարգին՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ,Լեհաստանի, Յունաստանի, մեկնած են Սիւնիքի մարզ՝ գետնին վրայ ծանօթանալու իրավիճակին։

Սիւնիք է նաեւ ԵՄ-ի պատուիրակութիւնը՝ դեսպան Անտրեա Վիքթորինի գլխաւորութեամբ։

Դիւանագէտները այցելած են Սեւ լճի յարակից տարածքը եւ վերադարձած Գորիս, ուր ճեպազրոյց տուած են լրագրողներուն։

Դեսպաններուն չեն ուղեկցած լրագրողները, որովհետեւ վերջին պահուն լրագրողներուն տեղեկացուցած են Արտաքին գործոց նախարարութենէն, որ անոնց այցը Սեւ լճի տարածք արգիլուած է՝ վկայակոչելով Պաշտպանութեան նախարարութեան որոշումը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment