Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պլինքըն եւ Լաւրով Քննարկած են Նաեւ Հայ-Ատրպէյճանական Լարուածութեան Խնդիրը

Պլինքըն եւ Լաւրով Քննարկած են Նաեւ Հայ-Ատրպէյճանական Լարուածութեան Խնդիրը

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներ Էնթընի Պլինքըն եւ Սերկէյ Լաւրով Իսլանտայի մայրաքաղաք՝ Ռէյքիավիքի մէջ Հիւսիսային բեւեռի խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս այլ հարցերու կողքին անդրադարձած են նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամին եւ հայ-ատրպէյճանական լարուածութեան: Ըստ ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութեան, այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան խօսնակ՝ Նետ Փրայսը:

«Պետական քարտուղարը ընդգծած է Սուրիոյ ժողովուրդի համար մարդասիրական օգնութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը: Բացի այդ, քննարկուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հակամարտութեան յարատեւ կարգաւորման հնարաւորութիւնը», – ըսած է Փրայս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment