Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ատրպէյճանը Պատրաստ Է Համագործակցիլ Հայաստանի Հետ». Ալիեւ

«Ատրպէյճանը Պատրաստ Է Համագործակցիլ Հայաստանի Հետ». Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ այսօր՝ Մայիս 20-ին մասնակցած է «Հարաւային Կովկաս. տարածաշրջանային զարգացման եւ համագործակցութեան հեռանկարներ» համաժողովին, որու ընթացքին ըսած է, թէ Ատրպէյճանը պատրաստ է համագործակցիլ Հայաստանի հետ:

«Մենք պատրաստ ենք Հայաստանի հետ համագործակցութեան, չնայած մեզի հասցուցած աւերներուն եւ մեր տարածքներու 30 տարուայ գրաւման: Մեզ անհրաժեշտ է փոխադարձ համագործակցութիւն, քանի որ մենք հարեւաններ ենք եւ պէտք է սորվինք ապրիլ կողք կողքի»,- ըսած է Ալիեւ:

Նոյն համաժողովին ան յայտարարած է, որ պատերազմի աւարտէն ետք Ատրպէյճան կը ցանկայ ընդարձակել համագործակցութիւնը Ռուսաստանի Դաշնութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն հետ:

«Ռուսաստանի հետ մենք ունինք շատ բազմազան յարաբերութիւններ, քանի որ հարեւաններ ենք եւ կը կիսենք երկկողմանի հարուստ պատմութիւն: Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները այդքան բազմազան չեն, մենք աւելի կը համագործակինք Աֆղանիստանի եւ Իրաքի խաղաղապահ առաքելութիւններով: Ես կը կարծեմ, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան աւարտը կ’ընձեռէ մեր յարաբերութիւնները զարգացնելու հնարաւորութիւն, քանի որ հակամարտութիւնը կ’արգելափակէր համագործակցութեան որոշ ուղղութիւնները», – նշած է Ալիեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment