Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ամէն Ինչ Պիտի Փոխուի». Պաշտպանութեան Փոխնախարարը՝ Բանակի Բարեփոխումներու Մասին

«Ամէն Ինչ Պիտի Փոխուի». Պաշտպանութեան Փոխնախարարը՝ Բանակի Բարեփոխումներու Մասին

by MassisPost

«Բանակում փոխուելու է եւ կը փոխուի ամէն ինչ», այսօր՝ Ապրիլ 16-ին յայտարարեց պաշտպանութեան փոխնախարար՝ Արման Սարգսեան՝ Ազգային ժողովէն ներս պատասխանելով լրագրողներու հարցին։

Լրագրողները մասնաւորապէս հարցուցին փոխնախարարին, թէ յայտարարուած բարեփոխումներու ծիրէն ներս մասնաւորապէս ի՞նչ պիտի փոխուի բանակին մէջ։ «Փոխուելու է եւ կը փոխուի ամէն ինչ։ Երբ որ արդիւնքները տեսանելի լինեն, դուք կը տեսնէք», – ըսաւ փոխնախարարը։

Հարցին, թէ գերիներու խնդիրը ինչպէ՞ս պիտի լուծուի, Արման Սարգսեան պատասխանեց․ – «Յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան»։

Օրերս վարչապետը յայտարարեց, որ բանակի խոր եւ բովանդակային բարեփոխումներու գործընթացը արդէն սկսած է։

«Ռազմավարական հեռանկարում մենք պատկերացնում ենք, որ լրջօրէն պէտք է քննարկենք Հայաստանի Հանրապետութեան անցումը արհեստավարժ բանակի, եւ ժամկէտային կամ զօրահաւաքային զինծառայութեան կառուցուածքը պէտք է էականօրէն կարողանանք փոխել», – ըսաւ Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment