Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Թիֆլիս Կը Վերահաստատէ Երեւանի Եւ Պաքուի Բանակցութիւններու Հարթակ Տրամադրելու Պատրաստակամութիւնը

Թիֆլիս Կը Վերահաստատէ Երեւանի Եւ Պաքուի Բանակցութիւններու Հարթակ Տրամադրելու Պատրաստակամութիւնը

by MassisPost

Թիֆլիս կը մնայ պատրաստակամ՝ հարթակ տրամադրելու Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներու բանակցութիւններու համար, երէկ՝ Ապրիլ 15-ին, յայտարարած է Վրաստանի նախագահ՝ Սալոմէ Զուրապիշվիլին՝ Հայաստանի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի հետ համատեղ ասուլիսին։

«Վրաստանը ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին եւ հիմա ալ կանգնած է խաղաղութեան կողքին, եւ այդ նպատակով ալ առաջարկած ենք Թիֆլիսի մէջ հանդիպում կայացնել՝ երկխօսութեան ու իրավիճակի կարգաւորման համար։ Այդ առաջարկը կը մնայ ուժի մէջ», – ըսած է Զուրապիշվիլին։

Հայաստանի նախագահը, որ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած է Վրաստան, յայտարարած է, որ հայ-վրացական յարաբերութիւններու ամրապնդումը ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ ողջ տարածաշրջանի անվտանգութեան ամրապնդման կարեւոր նախադրեալներէն մէկն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment