Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան . «Ոստիկանութիւնը Կը Կարողանայ Ապահովել Քաղաքացիներու Ազատ Ընտրելու Իրաւունքը»

Փաշինեան . «Ոստիկանութիւնը Կը Կարողանայ Ապահովել Քաղաքացիներու Ազատ Ընտրելու Իրաւունքը»

by MassisPost

«Չնայած ամիսներ շարունակ Հայաստանի Հանրապետութիւնում հնչել են սպանելու, գնդակահարելու, մահապատժի ենթարկելու, ջարդելու կոչեր, բայց, ըստ էութեան, մենք ներքաղաքական իրավիճակը հանգուցալուծել ենք առանց բռնութիւնների», – այսօր՝ Ապրիլ 16-ին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ մասնակցելով Ոստիկանութեան օրուայ առթիւ հրաւիրուած խորհուրդի նիստին:

Շնորհաւորելով ոստիկաններու մասնագիտական օրուայ առթիւ՝ վարչապետը սա համարած է իրաւապահ համակարգի, ներառեալ՝ Ոստիկանութեան կարեւոր նուաճումն ու ձեռքբերումը:

«Մենք կարողացանք գնալ մի ճանապարհով, որը մեզ հնարաւորութիւն տուեց եւ հնարաւորութիւն կու տայ ոչ թէ ատելութեան մթնոլորտ սահմանել, ոչ թէ թշնամութեան մթնոլորտ սահմանել, այլ որպէսզի մենք իսկապէս համախմբենք Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդին, Արցախի ժողովրդին, հայ ժողովրդին մեր պետականութեան, օրինականութեան, իրաւակարգի շուրջ», – նշած է Փաշինեան ընդգծելով, որ առաջիկային, շատ կարեւոր ընելիք կայ այդ առումով․ – «Մեզ սպասւում են արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ, եւ յոյս ունեմ եւ համոզուած եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները, Ոստիկանութիւնը կը կարողանան ապահովել իրաւակարգը, օրինականութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիների ազատ ընտրելու իրաւունքը»:

Յիշեցնենք, որ ԱԺ խմբակցութիւններու հետ հանդիպումներէն յետոյ, վարչապետը յայտարարած է Յունիս 20-ի ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններ կայացնելու մասին:

Վարչապետը այսօր արձանագրած է, որ սկսեալ՝ 2018-էն իրաւապահ մարմիններու, անոնց կարգին՝ Ոստիկանութեան հետ իր բոլոր շփումներուն եւ՛ դռնբաց, եւ՛ դռնփակ, խնդիրը, որ առաջադրուած է՝ եղած է հետեւեալը. ապահովել ընտրութիւններու օրինական ընթացքը, ապահովել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ազատ կամարտայայտութեան համար բոլոր անհրաժեշտ պայմանները, բացառել բոլոր ընտրակաշառքներու եւ ընտրողներու կամքի վրայ ապօրինի ներազդեցութեան որեւէ հնարաւորութիւն: «Ես համոզուած եմ, որ մենք միասին այդ խնդիրը կը կարողանանք լուծել», – ըսած է վարչապետը:

Մինչ նիստը՝ կառավարութեան ղեկավարը ծաղիկներ խոնարհած է Ոստիկանութեան շէնքի բակը տեղադրուած յուշատախտակին՝ յարգանքի տուրք մատուցելով յանուն Հայրենիքի իրենց կեանքը զոհած ոստիկաններու յիշատակին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment