Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սերժ Սարգսեանի Կողմէն Ենթադրեալ Գաղտնի Տեղեկութիւններ Հրապարակելու Վերաբերեալ Դատախազութիւնը Դիմած Է Ռազմական Ոստիկանութեան

Սերժ Սարգսեանի Կողմէն Ենթադրեալ Գաղտնի Տեղեկութիւններ Հրապարակելու Վերաբերեալ Դատախազութիւնը Դիմած Է Ռազմական Ոստիկանութեան

by MassisPost

Սերժ Սարգսեանի կողմէ ենթադրեալ գաղտնի տեղեկութիւններ հրապարակելու վերաբերեալ գլխաւոր դատախազութիւնը դիմում ուղարկած է Ռազմական ոստիկանութիւն՝ սահմանուած կարգով նիւթեր նախապատրաստելու ու ընթացքը լուծելու: Այս մասին «Ազատութիւն»ին յայտնած է դատախազութեան հանրային կապերու բաժնի պետ՝ Արեւիկ Խաչատրեան:

Յիշեցնենք, որ «Արմնիւզ» հեռատեսիլային կայանին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան, հերքած էր այն մեղադրանքները, թէ նաեւ իր պաշտօնավարման 10 տարիներու ընթացքին բանակը թալանուած է, եւ մեղադրած էր գործող իշխանութիւնը պատերազմի ընթացքին ու անկէ առաջ կատարած թալանին համար։ Իր խօսքերը որոշած էր նաեւ յստակ փաստով համեմել, թէ պատերազմի օրերուն կառավարութիւնը, շրջանցելով Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, զրահաբաճկոններ գնած է քանի մը անգամ բարձր գնով՝ 600 տոլարով։

Ան նաեւ ըսած էր, թէ իր օրօք ժամանակակից զինատեսակներ գնելու ծրագիր հաստատուած էր՝ ֆինանսական յստակ աղբիւրներով։ Այդ ծրագրով նախատեսուած էր մինչեւ 2024 թուականը 2500 անօդաչու թռչող սարք ձեռք բերել, հազարէն աւելի ԱԹՍ-ները՝ մինչեւ 2020-ը, նաեւ Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր, սակայն Փաշինեանի կառավարութիւնը այդ ծրագիրը փոխած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment