Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մշակման մէջ է Պատերազմի Հետեւանքով Վնաս Կրած Անձերու Աջակցութեան Ծրագիրը

Մշակման մէջ է Պատերազմի Հետեւանքով Վնաս Կրած Անձերու Աջակցութեան Ծրագիրը

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ՝ այսօր՝ Ապրիլ 12-ին, հրաւիրուած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Հայաստանի կառավարութեան հետ համատեղ մեկնարկելիք՝ պատերազմական գործողութիւններու հետեւանքով վնաս կրած ֆիզիքական եւ իրաւաբանական անձանց աջակցութիւն ցուցաբերելու ծրագիրը:

Նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ պետական նախարար, ֆինանսներու (Ելեւմուտի) նախարար՝ Կրիկորի Մարտիրոսեան խորհրդակցութեան մասնակիցներուն ներկայացուցած է աջակցութեան տրամադրման սկզբունքներու նախագիծը, որ կը ներառէ կորսուած կամ վնասուած անշարժ ու շարժական գոյքի, շրջանառու միջոցներու ու այգիներու դիմաց տրուող պետական աջակցութիւնը:

Արայիկ Յարութիւնեան կարեւորութիւն տուած է տուեալ միջոցառման նշանակութեան, բնակիչներու ֆինանսական հիմնախնդիրներու լուծման եւ Արցախի տնտեսութեան վերականգնման հարցով: Նախագահի յանձնարարութեամբ պիտի ստեղծուի պետական յանձնաժողով, որ եւ պիտի մշակէ աջակցութեան տրամադրման կարգն ու մեքենականութիւնները՝ կարճ ժամկէտով սկսելով ֆինանսական յատկացումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment