Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քոչարեանի Փաստաբանները Դժգոհած Են, Որ Գործին Աւարտ Չի Տրուիր

Քոչարեանի Փաստաբանները Դժգոհած Են, Որ Գործին Աւարտ Չի Տրուիր

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեան եւ անոր նախկին երկու ենթակաները մեղադրող սահմանադրական կարգը տապալելու՝ 300.1 յօդուածը, հակասահմանադրական եւ անվաւեր ճանաչուելէն յետոյ, ամբաստանեալներուն փաստաբանները կ’ակնկալէին, որ դատաւորը այսօրուայ՝ Մարտ 30-ի դատական նիստին կը յայտարարէ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու եւ գործը այդ յօդուածով աւարտելու մասին։ Բայց դատական նիստի բացման, դատաւոր՝ Աննա Դանիբեկեան ներկայացուց այս գործով մեղադրող, գլխաւոր դատախազի տեղակալ՝ Գէորգ Բաղդասարեանի՝ այսօր դատարան ներկայացուցած գրութիւնը, որով դատախազը խնդրած է յետաձգել այսօրուայ դատական նիստը։ Դատախազները այսօր դատարան չէին եկած։

«Բաղդասարեանի կողմից ստացուել է գրութիւն, որով վերջինս յայտնել է` 2021 թուականի Մարտի 29-ի երեկոյեան հրապարակուել է Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դիմումների հիման վրայ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 300.1 յօդուածի Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ գործը` թիւ սդո-1586 որոշումը (Սահմանադրական դատարանի որոշում): Նկատի ունենալով, որ առկայ է նշուած որոշման հիման վրայ դատարանի կողմից կիրառման ենթակայ ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգրքի նորմի Սահմանադրութեան համապատասխանութեան խնդիր, եւ այդ կապակցութեամբ դատարան ներկայացնելու համար նախապատրաստւում է ծաւալուն միջնորդութիւն, որը մինչեւ դատական նիստը կազմել հնարաւոր չէ»:

Ամբաստանեալներու փաստաբանները, մինչդեռ, իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին դատաւորին՝ յայտարարելով, որ որեւէ միջնորդութիւն այլեւս պէտք չէ քննարկուի։ Սահմանադրական կարգը տապալելու եւ մօտ 3 միլիոն տոլար կաշառք ստանալու համար մեղադրուող պաշտօնաթող նախագահի փաստաբան՝ Հայկ Ալումեան ըսաւ, որ օրեր առաջ՝ Մարտ 26-ին Բարձր դատարանի յայտնի որոշման յաջորդ օրն իսկ իրենք միջնորդութիւն ներկայացուցած են դատարան՝ գործը աւարտելու մասին, եւ դատարանը պէտք է անյապաղ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու որոշում կայացնէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment