Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Vice News-ը Կը Գրէ Գերմանիոյ Կառավարող Շրջանակները Ատրպէյճանի Ներթափանցելու Մասին

Vice News-ը Կը Գրէ Գերմանիոյ Կառավարող Շրջանակները Ատրպէյճանի Ներթափանցելու Մասին

by MassisPost

«Տարիներ շարունակ Գերմանիոյ քաղաքական եւ մամլոյ շրջանակներուն մէջ լոպպիստական ցանց մը գործած է, որ ուղղակիօրէն ֆինանսաւորուած եղած է Ատրպէյճանի կողմէն», – նախօրէին՝ Մարտ 29-ին, հրապարակուած ծաւալուն յօդուածով մը այս մասին  գրած է լրագրողական հետաքննութիւններու ասպարէզին մէջ մասնագիտացած Vice News կայքը։

Նիւ Եորք գործող այս լրատուամիջոցի գերմանական խմբագրութիւնը ուսումնասիրած է Պերլինի քաղաքական շրջանակներու կապերը ատրպէյճանական իշխանութիւններուն հետ՝ բացայայտելով դաշնային վարչապետ՝ Անկելա Մերքելի շարք մը բարձրաստիճան կուսակիցներու կապերը պաշտօնական Պաքուին հետ։

«Նաւթով հարուստ եւ քննադատները բանտ նետելու հակուածութիւն ունեցող Ատրպէյճանը, տարիներ շարունակ փորձած է ինքզինք ներկայացնել բարենպաստ կերպարով Եւրոպայի մէջ՝ կաշառքներու միջոցով», – գրած է Vice News-ը՝ ներկայացնելով Իլհամ Ալիեւի վարչակազմի հետ համագործակցած գերմանացի քաղաքական գործիչներու ցանկը։

Լրագրողական հետաքննութեան հեղինակներու պնդմամբ,  Ատրպէյճանի իշխանութիւնները սերտ կապեր ստեղծած էին ոչ միայն գերմանացի օրէնսդիրներու հետ, այլ լրատուական դաշտի ներկայացուցիչներու հետ։ Այս առումով ուշագրաւ է յատկապէս TV Berlin հեռուստաընկերութիւնը, որ, ըստ Vice News-ին՝ «զարմանալիօրէն յաճախ եւ զարմանալիօրէն կողմնապահ դիրքերէ լուսաբանած է Ալիեւի վարչակազմի գործունէութիւնն ու ղարաբաղեան հակամարտութիւնը»։

Գերմանացի լրագրող՝ Շթեֆան Նիկեմայեր 2013-ին, բնութագրած է սնանկութենէն ձեւով մը փրկուած այս հեռատեսիլային ալիքը, որպէս «ատրպէյճանական պետական ալիք»։

TV Berlin-ի աշխատանքներուն ներսէն քաջածանօթ անձերէն մէկը, հետաքննող լրագրողներուն յայտնած է, որ կայանի շատ մը հաղորդումները պատուիրուած եւ անուղղակիօրէն ֆինանսաւորուած են Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ։

«Հեռուստաընկերութեան մօտ կանգնած միւս աղբիւրները հաստատեցին այս տեղեկատուութիւնը», – գրած է Vice News-ը։

Հետաքննող լրագրողները յաջողած են նաեւ պարզելու, որ հաղորդումներու պատուէրները եւ ֆինանսաւորումը ստացուած են այսօր արդէն գոյութիւն չունեցող «Եւրոպայի ատրպէյճանական ընկերակցութիւն» (TEAS) լոպպիստական կառոյցի կողմէ, որու հիմնադիրներն էին Ատրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու ազդեցիկ նախարար՝ Քեմալետտին Հեյտարովի որդիները։

Պակաս ուշագրաւ չէ 2008-էն 2018 թուականներուն գոյութիւն ունեցած այս կազմակերպութեան գերմանական մասնաճիւղի ղեկավար, ատրպէյճանական ծագում ունեցող իրանցի՝ Շահին Նամաթիի անձը։ Գործարար Նամաթին, ըստ Vice News-ին, կը կազմակերպէր գերմանացի քաղաքական գործիչներու այցերը Պաքու, ընդունելութիւնները ճոխ Hotel de Rome հիւրանոցին մէջ, ինչպէս նաեւ ճազային համերգները, որոնց ընթացքին կը պատմէին ատրպէյճանցի փախստականներու ծանր ճակատագրին մասին։

«Փախստականներու թեման այն առանցքային ռազմավարական հնարքն էր, զոր կը կիրառէր Ալիեւի վարչակազմը համակրանք ձեռք բերելու համար», -գրած են Vice News-ի լրագրողները՝ նշելով նաեւ ատրպէյճանցի լոպպիստի՝ Գերմանիոյ քաղաքական շրջանակներուն մէջ ունեցած սերտ կապերու մասին։

«Նամաթին հազուադէպ տրամադրուող անցագիր մը ունէր, որ թոյլ կու տար անոր որեւէ ժամուն մուտք գործել Պունտեսթակ՝ այցելելով պատգամաւորներու գրասենեակները։ Բաւական յաճախ ան պահպանողական պատգամաւորներուն հետ կ’աշխատէր Ալիեւի վարչակազմը պաշտպանող յայտարարութիւններուն վրայ, որոնք հետագային կը տեղադրուէին Ատրպէյճանի լրատուական կայքերը», – գրած է Vice News-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment