Գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնանկութեան հրամանագիրը երկրորդ անգամ չստորագրելու եւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի առնչութեամբ Սահմանադրական դատարան դիմելու նախագահ՝ Արմէն Սարգսեանի երեկուայ յայտարարութենէն յետոյ, այսօր՝ Մարտ 3-ի առաւօտեան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտաբը, թէ նախագահի կողմէն Սահմանադրական դատարան դիմելը կը նշանակէ, որ Գլխաւոր շտաբի պետ՝ Օննիկ Գասպարեան մինչեւ 8-օրեայ ժամկէտը լրանալը կը շարունակէ իր ծառայութիւնը։
Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան այսօր հանդիպած է Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ՝ Օննիկ Գասպարեանին հետ:
Նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ անոնք մասնաւորապէս անդրադարձած են վերջին իրադարձութիւններու առնչութեամբ ստեղծուած լարուած իրավիճակին: Նշուած է, որ անկախ այդ կապակցութեամբ որոշումներէն, առաջնահերթ կարեւորութիւն են երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը:
Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ զինուած ուժերը մշտապէս պէտք է ըլլան բոլորիս հոգածութեան ներքոյ, եւ ինքը պիտի շարունակէ ուշադրութեան կեդրոն պահել բանակը եւ անոր խնդիրները: