Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Freedom House-Ը Շեշտած Է, Որ Պատերազմի Հետեւանքները Փշրեցին Բարեփոխումներու Յոյսերը Հայաստանի Մէջ

Freedom House-Ը Շեշտած Է, Որ Պատերազմի Հետեւանքները Փշրեցին Բարեփոխումներու Յոյսերը Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Պատերազմի հետեւանքները փշրեցին բարեփոխումներու յոյսերը Հայաստանի մէջ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բախում ունեցաւ ատրպէյճանական ռեժիմին հետ։ Բռնապետական պետութիւններու կողմէ ռազմական ուժի կիրառումը, որ ժողովորդավարական նորմերու համաշխարհային քայքայման ախտանիշներէն է, արձանագրուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անցեալ տարի, փաստած է հեղինակաւոր Freedom House իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ աշխարհի ժողովրդավարութեան զարգացման եւ ազատութիւններու մասին իր տարեկան զեկոյցով։

Անցեալ տարի Freedom House-ը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարացման առումով լուրջ առաջընթաց արձանագրած էր, այս տարի կառոյցը կը փորձէ ցոյց տալ, թէ ինչպէս պատերազմը կը վտանգէ ժողովրդավարութիւնը՝ որպէս օրինակ բերելով Հայաստանը, նկարագրելով Ալիեւի ռեժիմի սանձազերծած պատերազմի բացասական հետեւանքները Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացումներուն վրայ։

Freedom House-ը շեշտած է, որ առհասարակ աշխարհի մենատիրական կառավարման ընդլայնումը շօշափելի ազդեցութիւն ունեցած է մարդու կեանքի եւ անվտանգութեան վրայ, անոնց կարգին՝ քաղաքական վէճերը ռազմական ճանապարհով լուծելու յաճախակի դարձած դէպքերը։

Իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը յիշեցուցած է, որ անցեալ տարի Ատրպէյճանի առաջնորդը իր բռնապետ հարեւան Թուրքիոյ աջակցութեամբ պատերազմ սանձազերծեց Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ապակայունացնելով տարածաշրջանը։ Զեկոյցի հեղինակները նկատել տուած են, որ պատերազմը դադրեցնելու հարցով կը բացակայէր միջազգային մասնակցութիւնը․ – «Պատերազմը դադրեցաւ Մոսկուայի խաղաղապահ առաքելութեան միջոցով, որ ամրագրեց Ատրպէյճանի տարածքային ձեռքբերումները, սակայն անպատասխան թողեց բազմաթիւ հարցեր», – փաստած է իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը։

«Հակամարտութիւնը նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի իշխանութիւնը ամրապնդելէն բացի նաեւ կը սպառնայ ապակայունացնել Հայաստանի կառավարութիւնը, կը վտանգէ 2018 թուականէն ի վեր ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ գրանցուած ձեռքբերումները», որոնց հետեւանքով, ինչպէս յիշեցուցած է իրաւապաշտպան կառոյցը, Հայաստանի մէջ հաստատուած էր բարեփոխումներու տրամադրուած կառավարութիւն։ «Պատերազմին Նիկոլ Փաշինեանի անձնատուութիւնը, սակայն, բուռն արձագանգ յարուցեց ընդդիմախօսներու շրջանակին մէջ, որոնք անցեալ Նոյեմբերին յարձակեցան խորհրդարանի շէնքի եւ խորհրդարանի խօսնակին վրայ», – ըսուած է զեկոյցով։ «Նման անկարգութիւնները կը սպառնան երկրի մէջ դժուարութեամբ ձեռք բերուած առաջընթացին եւ կարող են այնպիսի իրադարձութիւններու շղթայ հրահրել, որ Հայաստանը կը մօտեցնէ բռնապետական միտումներ ունեցող իր հարեւաններուն։

«Ազատութիւնը աշխարհին մէջ-2021» զեկոյցի վարկանիշային աղիւսակով Հայաստանը կը շարունակէ դասուիլ մասամբ ազատ երկիրներու կարգին՝ վաստակելով 55 միաւոր հնարաւոր 100-էն։ Տարածաշրջանի մէջ իր ցուցանիշներով Հայաստանը կը գերազանցէ անազատ Ատրպէյճանը, սակայն կը զիջի մասամբ ազատ միւս հարեւանին՝ Վրաստանին։

Ի դէպ, ի տարբերութիւն Ատրպէյճանին, որ ընդամէնը 10 միաւոր վաստակած է քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու չափման գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղը կազմակերպութեան կողմէ գնահատուած է մասամբ ազատ՝ վաստակելով 35 միաւոր։

Անդրադառնալով աշխարհի ազատութիւններու մակարդակին՝ Freedom House-ը շեշտած է, որ 2006 թուականէն ի վեր ոչ ազատ երկիրներու թիւը կը գտնուի ամենաբարձր մակարդակին վրայ, եւ յետընթաց արձանագրած են աշխարհի աւելի քան եօթ տասնեակ երկիրներ , որոնց բաժին կը հասնի մոլորակի բնակչութեան շուրջ 75 տոկոսը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment