Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի ՊՆ-ը Չի Մեկնաբաներ «Իսկանտարի» Վերաբերեալ Պաշտօնական Մոսկուայի Յայտարարութիւնը

Հայաստանի ՊՆ-ը Չի Մեկնաբաներ «Իսկանտարի» Վերաբերեալ Պաշտօնական Մոսկուայի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը չի մեկնաբաներ պաշտօնական Մոսկուայի այն յայտարարութիւնը, թէ վերջին պատերազմին, ռուսական արտադրութեան «Իսկանտար» հրթիռային համակարգերը չեն կիրառուած, եւ կիրառման մասին պնդում ստացած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հաւանաբար մոլորութեան մէջ ձգած են։

1in.am-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Նիկոլ Փաշինեան ըսած էր, որ վերջին պատերազմին կրակած «Իսկանտար»-ը ողջ հզօրութեամբ չէ պայթած։

Մինչդեռ ռուսական կողմը պնդած է, որ անոնք ոչ միայն չեն օգտագործուած, այլ նաեւ «Իսկանտար»ի հրթիռներու ողջ պաշարը կը գտնուի Հայաստանի զինուած ուժերու պահեստները։

Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ, այսօր մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ռուսական կողմի յայտարարութիւնը կրկնած է եւ պնդած, որ չեն արձանագրած որեւէ փաստ, որ Հայաստանը պատերազմին «Իսկանտար» կիրառած է ։

Նկատենք, որ ռուսական արտադրութեան գերճշգրիտ պալիսթիկ հրթիռային համակարգը արցախեան վերջին պատերազմին կիրառելու մասին առաջին անգամ ակնարկած էր Արցախի պաշտպանութեան նախկին նախարար, Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի նախկին պետ, զօրավար՝ Մովսէս Յակոբեան։ Մօտ 10 օր առաջ «Արմնյուզ» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին, այդ մասին խօսած էր նաեւ Հայաստանի երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան։

«Այնքան էլ համաձայն չեմ, որ «Իսկանտարը» չի կիրառուել։ Մամուլուվ եղաւ, եւ ես ունեմ հաւաստի տեղեկութիւններ, որ «Իսկանտարը» կիրառուել է։ Կիրառուել է պատերազմի վերջին շրջանում, իսկ աւելի յստակ՝ Շուշիի ուղղութեամբ», – ըսած էր Սարգսեան։

Պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Սեյրան Օհանեան, որու օրօք 2015 թուականին գնուած է «Իսկանտար»-ը, «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին այսօր չյստակացուց, թէ ուրկէ «հաւաստի տեղեկութիւն» ստացած է Սերժ Սարգսեան․ – «Այդ առումով ես չեմ կարող ասել, որովհետեւ «Իսկանտարի» գործի դրման մասին իմ տեղեկութիւնները, ինչպէս իւրաքանչիւր քաղաքացու մօտ, լրատուամիջոցներից են։ Ես իրենց հետ կապ չեմ ունեցել եւ չգիտեմ օգտագործել են, թէ ոչ»։

 

Ուաշինկթոն կը Շարունակէ Ուշադրութեամբ Հետեւիլ Հայաստանեան Զարգացումներուն

Ռազմական յեղաշրջման տարրերէն ոչ մէկը Պետական Բաժանմունքը Հայաստանի մէջ չէ տեսած:

Պաշտօնական Ուաշինկթոն երէկ`Փետրուար 25-ին, մէկ օրուայ մէջ արդէն երկրորդ անգամ, դիմած է հայաստանեան ուժերուն` յորդորելով զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ թուլացնել լարուածութիւնը: Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան յորդորէն յետոյ, մասնաւորապէս, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Պետական Բաժանմունքը:

«Ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, արդեօ՞ք դուք կը կարծէք, որ, ինչպէս վարչապետը ըսած է, այնտեղ ռազմական յեղաշրջման փորձ եղած է, եւ կը սատար՞էք արդեօք իրեն որպէս վարչապետ», – հարցուցած է լրագրողներէն մէկը Պետական Բաժանմունքի խօսնակ՝ Նէտ Փրայսին:

«Մենք, անշուշտ, տեղեակ ենք վերջին զարգացումներէն եւ կը յորդորենք բոլոր կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ խուսափիլ իրավիճակը սրող ցանկացած գործողութենէ կամ բռնութենէ: Բոլոր կողմերուն կը յիշեցնենք ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքը` զինուած ուժերը պէտք չէ միջամտեն ներքին քաղաքականութեան: Միացեալ Նահանգները կայուն աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու եւ հաստատո

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment