Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթոն կը Շարունակէ Ուշադրութեամբ Հետեւիլ Հայաստանեան Զարգացումներուն

Ուաշինկթոն կը Շարունակէ Ուշադրութեամբ Հետեւիլ Հայաստանեան Զարգացումներուն

by MassisPost

Ռազմական յեղաշրջման տարրերէն ոչ մէկը Պետական Բաժանմունքը Հայաստանի մէջ չէ տեսած:

Պաշտօնական Ուաշինկթոն երէկ`Փետրուար 25-ին, մէկ օրուայ մէջ արդէն երկրորդ անգամ, դիմած է հայաստանեան ուժերուն` յորդորելով զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ թուլացնել լարուածութիւնը: Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանատան յորդորէն յետոյ, մասնաւորապէս, նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է նաեւ Պետական Բաժանմունքը:

«Ի՞նչ կը կատարուի Հայաստանի մէջ, արդեօ՞ք դուք կը կարծէք, որ, ինչպէս վարչապետը ըսած է, այնտեղ ռազմական յեղաշրջման փորձ եղած է, եւ կը սատար՞էք արդեօք իրեն որպէս վարչապետ», – հարցուցած է լրագրողներէն մէկը Պետական Բաժանմունքի խօսնակ՝ Նէտ Փրայսին:

«Մենք, անշուշտ, տեղեակ ենք վերջին զարգացումներէն եւ կը յորդորենք բոլոր կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերել եւ խուսափիլ իրավիճակը սրող ցանկացած գործողութենէ կամ բռնութենէ: Բոլոր կողմերուն կը յիշեցնենք ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքը` զինուած ուժերը պէտք չէ միջամտեն ներքին քաղաքականութեան: Միացեալ Նահանգները կայուն աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական գործընթացներու եւ հաստատութիւններու զարգացման: Եւ մենք կը շարունակենք աջակցիլ Հայաստանի ժողովրդավարութեան, ինքնիշխանութեան եւ կը յորդորենք անոր առաջնորդներուն իրենց տարաձայնութիւնները հարթել խաղաղ ճանապարհով՝ յարգելով օրէնքի գերակայութիւնը, Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը եւ անոր հաստատութիւնները», – յայտարարած է Փրայս:

Լրագրողը ճշդող հարց տուած է, թէ ինչպէ՞ս Պետական Բաժանմունքը կը գնահատէ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի յայտարարութիւնը եւ արդեօ՞ք այն կը դիտարկուի որպէս ռազմական յեղաշրջում կամ յեղաշրջման փորձ:

Պետական Բաժանմունքի խօսնակը հարցը դիտարկած է միայն յեղաշրջման եւ ոչ թէ յեղաշրջման փորձի համաթեքսթով ու պնդած, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցողը չի համապատասխաներ coup d’état-ի չափորոշիչներուն, որոնք կը կիրառուին Պետական բաժանմունքներու կողմէ. – «Ինչպէս գիտէք, Պետական Բաժանմունքը յատուկ գործընթաց ունի` որոշելու` արդեօք ռազմական յեղաշրջում տեղի ունեցած է: Փետրուար 1-ին, երբ Պիրմայի ժողովրդավարական քաղաքացիական ղեկավարութիւնը տապալեցաւ զինուորականներու կողմէն, մենք տեղի ունեցածը գնահատեցինք, որպէս զինուորական յեղաշրջում: Ես այն ժամանակ յայտարարեցի, որ այդ բնորոշումը տալու համար Պետական Բաժանմունքը ունի երեք չափորոշիչ: Այս պարագային, անշուշտ, այդ չափորոշիչներէն որեւէ մէկը չկայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment