Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը Շարունակէ իր Միջնորդական Առաքելութիւնը

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը Շարունակէ իր Միջնորդական Առաքելութիւնը

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի միջնորդական առաքելութիւնը դեռ չէ աւարտած, ան կը շարունակէ պաշտօնական հանդիպումները։ Այս մասին «Ազատութիւն»-ին յայտնեց Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար՝ Լուսինէ Աւանէսեան՝ չնշելով, սակայն, թէ, մասնաւորապէս որ պաշտօնեաներուն հետ կը հանդիպի Արայիկ Յարութիւնեան։

«Հրապարակման ենթակայ վերջնական ինչ-որ արդիւնքի հասնելու դէպքում կամ ինչ-որ դրական տեղաշարժի դէպքում, մենք անպատճառ լրատուամիջոցներին եւ հանրութեան տեղեակ պահելու ենք»,- նշեց Աւանեսեան։

Արցախի նախագահը Փետրուար 25-ին յայտնած էր իր միջնորդական առաքելութեան մասին։ Աւելի ուշ ալ Յարութիւնեան հանդիպումներ ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ Գլխաւոր շտապի պետ՝ Օննիկ Գասպարեանին հետ։

Լուսինէ Աւանեսեան չյայտնեց, թէ վարչապետի հետ հանդիպման այլ ի՞նչ պաշտօնեաներ ներկայ եղած են ։ Տեղեկացուց, որ Գլխաւոր շտապի պետի հետ հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն՝ Արմէն Աբազեան, Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Վիթալի Պալասանեան ու մէկ այլ պաշտօնեայ, որու անունը, սակայն, Աւանեսեան չհրապարակեց։

Ըստ Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղարին՝ Արայիկ Յարութիւնեան Փաշինեանի ու Օննիկ Գասպարեանի հետ քննարկած է առկայ իրավիճակի յաղթահարման հետ կապուած հարցեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment