«Իմ քայլը» խմբակցութեան կողմէ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամի թեկնածուներ առաջադրուած Գագիկ Ջհանկիրեանն ու Դաւիթ Խաչատուրեանը փակ գաղտնի քուէարկութեամբ ընտրուած են:
Ներկայացնելով քուէարկութեան արդիւնքները՝ ԱԺ հաշուիչ յանձնաժողովի նախագահ Վահագն Յովակիմեան յայտարարեց, որ 132 պատգամաւորէն քուէարկութեան մասնակցած է 89-ը։ Գագիկ Ջհանկիրեանի թեկնածութեան կողմ քուէարկած է 86, իսկ դէմ՝ երեք պատգամաւոր, Դաւիթ Խաչատուրեանի օգտին քուէարկած է 85 պատգամաւոր, 3-ը դէմ, մէկ քուէաթերթիկ անվաւեր ճանաչուած է:
Նշենք, որ խորհրդարանական 2 ընդդիմադիր ուժերը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»ը ու «Լուսաւոր Հայաստան»ը, չեն մասնակցած հարցի քննարկման, ինչպէս նաեւ քուէարկութեան։ Անոնք այս գործընթացքի դէմ պոյքոթած էին։