Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի ԱԳՆ Խօսնակի Արձագանգը Չաւուշօղլուի Յայտարարութեան

Հայաստանի ԱԳՆ Խօսնակի Արձագանգը Չաւուշօղլուի Յայտարարութեան

by MassisPost

«ԵԱՀԿ յանձնառութիւնների խախտումներով Հայաստանի սահմանների մօտ իրականացուող թուրք-ատրպէյճանական զօրավարժութիւնները չեն վկայում, որ թուրք-ատրպէյճանական ղեկավարութիւնը խաղաղ մտադրութիւններ ունի Հայաստանի հանդէպ», այսօր յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Աննա Նաղտալեան՝ PanARMENIAN.Net-ի խնդրանքով, անդրադառնալով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան։

Չաւուշօղլուն օրերս յայտարարեց,  «եթէ հրադադարը յարատեւ բնոյթ կրէ, ապա Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կարող են Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած քայլեր ձեռնարկել»։

«Չեմ ուզում մեկնաբանել թուրք-ատրպէյճանական ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, որոնք որեւէ ձեւով չեն ամրապնդւում գործողութիւններով», – ըստ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան, ըսած է Նաղտալեան՝ ընդգծելով․ – «Հայաստանի հանդէպ թշնամական գործողութիւնների դադարեցումը կարող է պայմաններ ստեղծել տարածաշրջանում վստահութեան ձեւաւորման համար»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment