Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՄԻԵԴ-ը Մերժեց Սահմանադրական Դատարանի Նախկին Դատաւորներու եւ Նախագահի Պահանջը

ՄԻԵԴ-ը Մերժեց Սահմանադրական Դատարանի Նախկին Դատաւորներու եւ Նախագահի Պահանջը

by MassisPost

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը մերժած է Սահմանադրական Դատարանի (ՍԴ) 3 նախկին դատաւորներու եւ ՍԴ-ի նախկին նախագահ՝ Հրայր Թովմասեանի պահանջը՝ միջանկեալ միջոց կիրառելու եւ իրենց դիմումի քննութեան ընթացքին Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու իրագործումը կասեցնելու մասին։

Յունիս 26-ին, ուժի մէջ մտած այդ փոփոխութիւններով, դադրեցան ՍԴ-ի 3 անդամներու լիազօրութիւնները, իսկ Հրայր Թովմասեանը՝ դադրեցաւ ըլլալ ՍԴ-ի նախագահ:

Եւրադատարանը իր որոշումին մէջ արձանագրած է, որ  «Կիւլումեանը եւ միւսները ընդդէմ Հայաստանի» գործով միջանկեալ միջոց չի կրնար կիրառուիլ, քանի որ միջանկեալ միջոցի 39-րդ կանոնի կիրառման ծիրէն դուրս է այն, չի պարունակեր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրին մէջ ամրագրուած որեւէ առանցքային իրաւունքի լուրջ ու անդառնալի վնաս հասցնելու վտանգ:

Որոշումին վերաբերեալ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ մանրամասն ներկայացուած է այն իրավիճակը, որ առկայ է ՀՀ Սահմանադրական դատարանին մէջ: Մասնաւորապէս նշուած է, որ թէեւ 2015 թուականին փոփոխուած ՀՀ Սահմանադրութեամբ սահմանուած է ՍԴ-ի դատաւորներու պաշտօնավարման 12-ամեայ եւ ՍԴ-ի նախագահի պաշտօնավարման 6-ամեայ ժամկէտ, սակայն անցումային դրոյթներով նախատեսուած էր, որ մինչեւ սահմանադրական փոփոխութիւններու 7-րդ գլուխը ուժի մէջ մտնելը, նշանակուած ՍԴ-ի դատաւորները պիտի պաշտօնավարեն հին կարգով, մինչեւ կենսաթոշակային տարիքը, իսկ ՍԴ-ի նախագահը այդ պաշտօնին վրայ կրնայ մնալ մինչ թոշակի անցնիլը:

Արձանագրուած է, որ Սահմանադրական փոփոխութիւններով ՍԴ-ի դատաւորներուն համար սահմանուած է պաշտօնավարման 12-ամեայ ժամկէտ՝ անկախ անկէ, թէ երբ անոնք նշանակուած են, իսկ  ՍԴ-ի նախագահը պիտի պաշտօնավարէ 6 տարի:

ՄԻԵԴ-ի որոշումին մէջ յիշատակուած է նաեւ նշանակուած եւ «Քորոնա» ժահրի պատճառով չկայացած հանրաքուէն, որմով իշխանութիւնները նպատակ ունէին լուծել ՍԴ-ի խնդիրը:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 26-ին ուժի մէջ մտած Սահմանադրական փոփոխութիւններով լիազօրութիւնները դադրեցուած Սահմանադրական դատարանի նախագահ՝ Հրայր Թովմասեանը, անդամներ՝ Ալվինա Կիւլումեանը, Ֆելիքս Թոխեանը եւ Հրանդ Նազարեանը, գանգատ ներկայացուցած են ՄԻԵԴ-ին, վիճարկելու իրենց լիազօրութիւններու դադրեցման օրինականութիւնը: Դիմումի ծիրէն ներս, անոնք դատարանէն պահանջած էին նաեւ միջանկեալ միջոց կիրառել Հայաստանի նկատմամբ: Այնուհետեւ ՄԻԵԴ-ը հարցադրումներ ուղարկած էր ՀՀ կառավարութեան, որոնց պատասխանները ուղարկուած էին երկուշաբթի օր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment