Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Համաճարակի Այս Օրերուն Ամբողջ Հայութիւնը Պէտք Է Համախմբուի Հայաստանի Իշխանութիւններուն Շուրջ». ՍԴՀԿ Ատենապետ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան

«Համաճարակի Այս Օրերուն Ամբողջ Հայութիւնը Պէտք Է Համախմբուի Հայաստանի Իշխանութիւններուն Շուրջ». ՍԴՀԿ Ատենապետ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան  Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ  Ընկ. Տօքթ. Համբիկ  Սարաֆեան  պատասխանեց  ՚Մասիսիՙ աշխատակից եւ լրագրող Սագօ  Արեանի  հարցումներունª Հայաստանի,  սփիւռքի եւ Միացեալ  Նահանգներու մէջ  ընթացող վերջին զարգացումներուն  շուրջ:

–  Այսօր Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի համաճարակը սկսած է դուրս գալ վերահսկողութենէ: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ ցարդ տարուած պայքարը և արդեօք կարելի՞ է միայն իշխանութիւններուն վրայ բեռցնել այսօրուայ ստեղծուած ծանր իրավիճակի պատասխանատուութիւնը:

-Նկատի առնելով այս հիւանդութեան նոր ըլլալը, «Քովիտ-19» համաճարակի դէմ պայքարը մեծ դժուարութիւն եւ մարտահրաւէր էր ոչ միայն Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար, այլ ամենազարգացած ու ամենահզօր երկիրներու համար ալ եւ իւրաքանչիւր երկիր իր պատկերացուցած ձեւով կամ կարողութեան սահմաններուն մէջ փորձեց պայքարիլ անոր դէմ: Կան երկիրներ, որոնք  բաւական արդիւնաւէտ կերպով կրցան արագ վերահսկողութիւն սահմանել եւ սահմանափակել վտանգը, սակայն կան նաև երկիրներ, ուր հիւանդութիւնը տակաւին վերահսկողութենէ դուրս է: Դժբախտաբար, Հայաստանը վերջիններուս շարքին կը պատկանի: Եթէ պիտի խօսինք պատասխանատուութեան մասին, ես կը կարծեմ, որ այսօրուայ  ծանր իրավիճակին համար  հաւասարապէս պատասխանատու են եւ’ կառավարութիւնը եւ’ ժողովուրդը: Նախ, ինչպէս շատ մը երկիրներու մէջ, Հայաստանի մէջ ալ սկզբնական շրջանին այդքան ալ մեծ մտահոգութիւն չկար հիւանդութեան նկատմամբ և կը կարծուէր, որ կրնայ նոյնիսկ Հայաստան չհասնիլ: Սակայն, հակառակ այն հանգամանքին, որ Հայաստանը երկու կողմէ պաշարուած երկիր է եւ միայն երկու նեղ անցանելի սահմաններ ունի, վարակը յամենայն դէպս հասաւ Հայաստան՝ թէ օդային  եւ  թէ ալ  ցամաքային ճանապարհով: Իսկ հասնելէն յետոյ անոր դէմ առնուած միջոցառումները եւ քայլերը, ինչպէս ցոյց տուաւ ժամանակը, արդիւնաւէտ չէին: Հիմնական հարցը ուշացումով արտակարգ դրութիւն մտցնելն էր և յետոյ տնտեսական աղէտը կանխելու մտահոգութեամբ արագ վերաբացումը:  Եթէ ասոր գումարենք մէկ կողմէն ժողովուրդի որոշ հատուածին անբացատրելիորէն անտարբեր մօտեցումը եւ միւս կողմէն հիւանդութեան շինծու ըլլալուն մասին ապատեղեկատուութեան հոսքը, որ տարբեր միջոցներով  Հայաստան հասնելով աւելի ապակողմնորոշեց ժողովուրդը, ապա արդիւնքը եղաւ այն, որ  շատեր բոլորովին անտեսեցին կամ ձեւականօրէն գործադրեցին կանխարգելիչ միջոցառումները, անիմաստ դարձնելով արտակարգ դրութիւնը, որովհետեւ հազիւ թէ սահմանափակումները վերացուեցան, հիւանդութիւնը հրդեհի պէս կրկին  տարածուելու սկսաւ: Ստեղծուած  իրավիճակը իսկապէս մտահոգիչ է, քանի որ նման պայմաններու տակ համաճարակին դէմ պայքարի ամենակատարեալ ծրագիրն անգամ պիտի ձախողէր և հիմա կառավարութիւնը ստիպուած պիտի ըլլայ կրկին սահմանափակումներ մտցնելու համաճարակին դէմը առնելու համար: Յուսանք, իշխանութիւնները ճիշտ հետեւութիւններ կ’ընեն նախորդ անհաջող փորձէն, իսկ մեր հայրենակիցները իսկապէս լրջութեամբ կը մօտենան այս հարցին և հետեւելով պատկան մարմիններու ցուցմունքներուն կը նպաստեն, որ հիւանդութիւնը որ առաջ կարելի ըլլայ վերահսկողութեան տակ  առնել:

Ինչպէս կը մեկնաբանէք Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակը մասնաւորապէս «Քովիտ-19» համաճարակի լոյսին տակ:

-Քաղաքական առումով, կը տեսնենք թէ ինչպէս նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչները այս երկու տարուան ընթացքին զանազան միջոցներով, մանաւանդ զանգուածային լրատուական միջոցներով, կը շարունակեն ամէն կերպ վատաբանել ու նսեմացնել իշխանութիւնները, եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով կը փորձեն ստեղծել այն պատկերը, որ Հայաստանի մէջ անիշխանութիւն է և վիճակը միայն կը վատանայ: Անշուշտ, համաճարակը եկաւ նպաստելու, որ այդ աղմուկը աւելի ուժգին դառնայ: Այսօր, այն պատեհապաշտութիւնը, որ կը ցուցաբերուի ընդդիմադիր ուժերուն և մանաւանդ նախկին վարկաբեկուած իշխանութիւններուն կողմէ ընդունելի չէ: Երբ երկիրը կը գտնուի պաշարման տակ, տեւական լուռ պատերազմի մէջ է թշնամիին դէմ և  տնտեսապէս շատ լուրջ դժուարութիւններու առջեւ է, նման պարագաներուն տրամաբանութիւնը կ’ենթադրէ, որ  իշխանութեան շուրջ տեղի  կ’ունենայ  համախմբում, մանաւանդ համաճարակին հետ կապուած հարցերուն առումով: Քաղաքականապէս միշտ ալ պիտի ըլլան տարակարծութիւններ ընդդիմադիր և իշխանական թևերու միջև, ինչպէս ընդունուած է որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ, սակայն երբ կայ երկրին սպառնացող արտաքին կամ ներքին վտանգ, իսկ համաճարակը հաստատապէս նման վտանգ է, ապա օրուայ միակ հրամայականը  ընդդիմադիր և իշխանութիւն համախմբումն է ու միասնական ուժերով այս հիւանդութեան դէմ պայքարը: Եթէ կարելի ըլլայ իրականացնել այդ մէկը, այսինքն երբ բոլորին խօսքը մէկ կ’ըլլայ,  երբ մարդիկ պարտաճանաչ կերպով կը հետեւին կանխարգելիչ կանոններուն, երբ դիմակ կրել չկրելը կը դադրի խնդրոյ առարկայ դառնալէ, ապա միայն այն ատեն պայքարը արդիւնաւէտ կ’ըլլայ: Բացի այդ, այսօրուայ իրավիճակէն քաղաքականապէս օգտուիլը, ոեւէ մէկուն համար նպաստաւոր չէ, նոյնիսկ անոնց համար, որոնք կը փորձեն հիմա օգտուիլ, որովհետեւ եթէ կառավարութիւնը ձախողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, եթէ չկարողացաւ վերահսկողութիւն հաստատել հիւանդութեան վրայ,  մնացեալ ամեն ինչ երկրորդական է եւ այն վնասը որ կրնայ երկրին հասնիլ անդառնալի կ’ըլլայ:

q1

 –  Դուք որպէս կուսակցութիւն, խօսքը Սոցիալ Դիմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան մասին է, հանդէս եկաք յատուկ յայտարարութեամբ մը, որուն միջոցով կը յորդորէիք բոլոր կողմեր բոլորուիլ իշխանութիւններուն շուրջ: Կը մանրամասնէի՞ք հաճիք:

-Այո, վերոնշեալ մտահոգութիւններէն ելլելով՝ Հնչակեան Կուսակցութիւնը հրապարակեց իր կոչը, «Կոչ համախմբման եւ ոչ թէ տրոհման» վերտառութեամբ, որովհետեւ մենք իսկապէս մտահոգուած ենք   Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներով եւ մանաւանդ իշխանութեան հակադրուած կողմերու կոչերով ու քայլերով,  որոնք  կը միտին քաղաքացիին մօտ առաջացնել յուսահատութիւն և յուսախափութիւն ներկայ իշխանութեան նկատմամբ, այն յոյսով, որ այդ ամենը պիտի բերէ այս կառավարութեան տապալման, եւ իրենք պիտի գան կամ վերադառնան իշխանութեան: Մենք կը հաւատանք, որ կարճամիտ է նման մօտեցումը եւ վնասաբեր  մեր հայրենիքին համար, որովհետեւ այսօր ով ալ ըլլայ իշխանութեան գլխուն, այս նոյն խնդիրներուն առաջ պիտի կանգնի, եւ այս խնդիրները պիտի չլուծուին ո՛չ հիմա ո՛չ ալ յետոյ, եթէ համազգային մօտեցում չըլլայ։ Անշուշտ սա չի նշանակէր, որ պիտի չի մատնանշուին սխալները կամ վրիպումները և իշխանութեան իւրաքանչիւր որոշում պիտի համարուի անթերի կամ կատարեալ: Վերջ ի վերջոյ,  հասկանալի է, որ ընդդիմութեան դերն ու պարտականութիւնն է ըլլալ հակակշիռ օրուայ իշխանութեան, քննադատել բացթողումները և ընդգծել անոր բոլոր բացասական կողմերը: Սակայն երբ հարցը կը վերաբերի համաճարակին, համագործակցութեան այլընտրանք չի կայ, քանի որ համաճարակի կասեցումը առաջին նախապայմանն երկրի մէջ առկայ տնտեսական ճգնաժամի և այլ հարցերու հանգուցալծման:

Վերջին  շրջանին,  ինչպէս  ամբողջ  աշխարհը  այնպէս  ալ Միացեալ Նահանգները տագնապալի  օրեր   ապրեցան  «Քորոնա»  վարակին հետեւանքով. Ինչպէ՞ս  կը գնահատէք  ընդհանուր  իրավիճակը եւ  արդեօք  ԱՄՆ  յաջողեցաւ «Քորոնա»ի դէմ իր պայքարին մէջ։

-Ինչ կը վերաբերի Ամերիկայի Միացեալ նահանգներուն եւ «Քորոնա»յի պայքարին, դժբախտաբար հակառակ աշխարհի ամենահզօր եւ ամենահարուստ երկիրը ըլլալուն, այսօր «Քորոնա»յի դէմ պայքարը ոչինչով կը տարբերի Հայաստանի կացութենէն: Աւելին, վերջին շաբաթներուն, այն նահանգներուն մէջ, որոնք շատ փոքր թիւով դէպքեր ունէին, այսօր թիւերը օրական մագլցում կ’ապրին:  Ասոր մէջ պատասխանատուութեան մեծ բաժին ունի նաեւ Ամերիկայի Դաշնակցային կառավարութիւնը, այսինքն Թրամփի վարչակարգը, որովհետեւ ամիսներ առաջ, երբ պարզուեցաւ, որ Չինաստանի՝  Ուուհան քաղաքին մէջ այս համաճարակը իսկապէս աւերներ կը գործէր, Ամերիկեան կառավարութիւնը և առողջապահական համակարգը՝ դեռ Յունուարէն տիրապետելով հանդերձ այդ տեղեկութեան, նախապատրաստական ոչ մէկ քայլ ձեռնարկեց: Դժբախտաբար, Ամերիկայի մէջ քաղաքական մթնոլորտը այնքան անառողջ է, որ այս հարցը մինչեւ օրս կը դիտուի քաղաքական տեսանկիւնէ, եւ ոչ թէ որպէս համազգային կամ համանահանգային ճգնաժամ: Նկատի ունենալով նաև, որ յառաջիկայ Նոյեմբերին նախագահական ընտրութիւններն են, Նախագահ Թրամփ այս հարցին առաջին իսկ օրէն քաղաքական մօտեցում ցուցաբերեց և զգալով այս հարցի հաւանական վտանգը իր վերընտրութեան հետ կապուած, ան ամէն կերպ փորձեց այն պատրանքը ստեղծել, որ սա վտանգաւոր հիւանդութիւն չէ և օր մը հրաշքի պէս պիտի վերանայ կամ երբ օդերը տաքնան պիտի չքանայ: Դժբախտաբար ճիշտ հակառակը տեղի ունեցաւ եւ ինչպէս տեսանք որոշ նահանգներու մէջ, մանաւանդ Նիւ Եորքի եւ մեր Քալիֆորնիոյ նահանգին մէջ հսկայական թիւով մարդիկ հիւանդացան ու մահացան: Այսօր, եթէ որոշ նահանգներու մէջ դրութիւնը աւելի վերահսկելի կը դառնայ,  ապա իրավիճակը տրամագծօրէն տարբեր է հարաւային նահանգներուն մէջ, մասնաւօրապէս Ֆլորիտա և Թեքսաս, ուր սկզբնական շրջանին հիւանդներուն թիւը սակաւ էր, սակայն  հազիւ սահմանափակումները վերացուեցան, վարակակիրներուն թիւերը կտրուկ բարձրացան, ստիպելով այդ նահանգներու իշխանութիւններուն կասեցնել վերաբացումը: Մենք վերը խօսեցանք Հայաստանի մէջ համախմբման անհրաժեշտութեան մասին, իսկ հոս ալ ուրիշ երևույթի մը ականատես եղանք, երբ նահանգները միահամուռ կերպով կը դիմէին ու կը յորդորէին Թրամփի վարչակարգին, որպէսզի համաճարակի դէմ պայքարի մէկ միասնական ծրագիր մը մշակուի, սակայն դժբախտաբար այդ տեղի չունեցաւ: Ընդհակառակը, եղան իրավիճակներ, երբ նահանգները պարտաւորուած եղան իրարու դէմ մրցիլ ապահովելու համար անհրաժեշտ բժշկական պիտույքները՝ դիմակներ, արհեստական շնչառական գործիքներ, և այլն, երբեմն շուկայէն շատ աւելի բարձր գիներ վճարելով, որովհետեւ նախագահ Թրամփ մերժեց առաջնորդել հակահամաճարակային կեդրոնացեալ պայքար, պատասխանատուութիւնը թողելով առանձին նահանգներուն: Այս պահուս, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներուն մէջ հիւանդութիւնը սկսած է վերահսկողութենէ դուրս գալ և ասոր մէջ մեծ դեր խաղաց վարչակարգի ապիկարութիւնը, մանաւանդ ի դէմս Նախագահ Թրամփի: Եթէ համեմատութիւն ընենք Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, կը տեսնենք, որ Հայաստանի մէջ ժողովուրդի մէկ մասը չուզէր անսալ իշխանութիւններու եւ վարչապետին յորդորներուն դիմակը կրելու առումով, իսկ Ամերիկայի մէջ, դժբախտաբար առաջին դէմքը ինքը օրինակ կը հանդիսանայ, որպէսզի մարդիկ դիմակ չկրեն, որովհետեւ ինքը կը մերժէ կրել, ի հեճուկս գիտական ապացոյցին և իր իսկ ստեղծած՝ համաճարակի դէմ պայքարի յանձնախումբին յորդորներուն:  Այսինքն, քաղաքականացնելով այս հարցը, նախագահ Թրամփ կը փորձէ բաժանարար գիծ ստեղծել իր հետևորդներուն և հակառակորդներուն միջև, միևնոյն ատեն պատճառ դառնալով, որ շատեր դիմակ չկրելով տարածեն հիւանդութիւնը կամ հիւանդանան: Բայց ինչպէս  Հայաստանի համար ըսինք, նոյնն ալ Ամերիկայի համար ի զօրու է, որովհետեւ այս իրավիճակը ոեւէ մէկուն համար նպաստաւոր չէ, ընդհակառակը ինչպէս կը տեսնենք տուժողը ամբողջ երկիրը կ’ըլլայ:

– «Քորոնա»ի  հետեւանքով  եղած  զարգացումները  պիտի  ազդեն  անշուշտ  ԱՄՆ-ի ներ-քաղաքական իրավիճակին վրայ,  ինչ  տեսարանի կրնանք սպասել  այս առումով. Ձեր կարծիքով  մեծ   հաշուով «Հանրապետականներ»ը  պիտի  տուժե՞ն  այս   բոլորէն ետք։

-Ինչպէս նշեցինք «Քորոնա»ի դէմ պայքարը Ամերիկայի մէջ հեռու է արդիւնաւէտ ըլլալէ: Յստակ  է նաեւ, որ բաւական թէժ ընտրական տարի մը պիտի ունենանք և կը սպասուի  սուր պայքար նախագահ Տանըլտ  Թրամփի եւ նախագահական թեկնածու՝ Ճօ Պայտնին մէջ։ Ներկայիս հանրութեան կարեւոր  մէկ հատուածին  մօտ կայ  այն համոզումը, որ Թրամփի վարչակարգը ձախողած է «Քորոնա» համավարակին դէմ պայքարին մէջ, որուն հետեւանքով երկրի տնտեսական ծանր իրավիճակը տակաւին կը շարունակուի, մինչդեռ կ’ակնկալուէր, որ մինչև Օգոստոս երկրի տնտեսութիւնը մեծապէս պիտի բարելաւուէր: Այս պարագան, յստակօրէն  կ’արտացոլուի ընտրողներու հետ բազմաթիւ հարցախոյզերուն մէջ, որոնց արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Ճօ Պայտըն զգալի առաւելութիւն ունի նախագահ Թրամփի նկատմամբ: Այլ խօսքով,  ընտրողներու մեծամասնութիւնը նախագահ Թրամփ կը համարէ այս իրավիճակի գլխաւոր պատասխանատուն և եթէ այսպէս շարունակուի, բնականաբար իր վերընտրութեան հնարաւորութիւնը օրը օրին պիտի պիտի նուազի:

Նշենք նաեւ, որ եթէ Թրամփ  ձախողութեան մատնուի, հաւանական է, որ իր կուսակից Հանրապետականները կորսնցնեն Ծերակոյտի մէջ իրենց մեծամասնութիւնը և ինչպէս 2008-ին Օպամայի ընտրութեան ժամանակ եղաւ, երկրի ամբողջ իշխանութիւնը՝ գործադիր և օրէնսդիր, անցնի Դեմոկրատներուն: Անշուշտ, տակաւին չորս ամիս ժամանակ կայ եւ այս ընթացքին կրնայ շատ բան փոխուիլ կամ պատահիլ, սակայն այս պահուս այսպիսին է իրողութիւնը:

q2

Հազիւ «Քորոնա»ի  դէմ պայքարը դրական    փուլ մը  կը մտնէր, մենք  նկատեցինք  որ    ԱՄՆ-ի մէկէ աւելի  նահանգներու մէջ    սուր պայքար մը սկսաւ,  որուն   արդիւնքները  ըստ երեւոյթին  տակաւին երկար  ժամանակ  կրնան  երեւիլ։ Խօսքը ամերիկացի  սեւամորթ  քաղաքացի՝  Ճորճ Ֆլոյտի   սպանութեան   դէպքին մասին է, որ    վառեց երկրին մէջ  առկայ հին-նոր  դասակարգային պայքարին  պատրոյգին  եւ  պատճառ դարձաւ, որ   հասարակութիւնը իջնէ  փողոց,   եւ  երկրին  մէջ ստեղծէ   տագնապալի իրավիճակ մը։   Ձեր կարծիքով  դէպի ո՞ւր կրնայ  տանիլ    այս պայքարը եւ  արդեօք  այս օրերուն  հարցը  փակուած կը համարուի։

-Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը Ամերիկայի համար միանշանակ անկիւնադարձային եղաւ, եւ յորդեցուց խտրականութեան դէմ  առկայ   պայքարի «բաժակ»ը: Տարիներէ ի վեր Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու սեւամորթ քաղաքացիները բողոքած են եւ կը շարունակեն բողոքել՝ ոստիկանութեան բիրտ ուժի կիրառման դէմ սեւամորթ քաղաքացիներու նկատմամբ, որոնք այս կամ այն հանգամանքներով առընչութիւն կ’ունենան ոստիկանութեան հետ: Հաճախաբար, կը լսէինք լուրերէն, որ այս կամ այն սեւամորթ քաղաքացին ոստիկանութեան կողմէ ձերբակալման ընթացքին բիրտ ուժի ենթարկուելով մահացած է: Նախապէս, երբ այս երեւոյթները տեղի կ’ունենային, պատճառաբանութիւնը միշտ կ’ըլլար այն, որ սեւամորթ քաղաքացին չենթարկուելով ոստիկաններու հրամաններուն ինքը իր մահուան պատճառ դարձած էր եւ հարցը ինչ  որ  կերպ կը փակուէր: Սակայն արդի ընկերային ցանցերու առկայութիւնը՝ մանաւանդ հեռաձայններով տեսագրելու    հնարաւորութիւնը  ամբողջովին փոխեցին իրավիճակը: Վերջին 6-7 տարիներուն  ընթացքին  մենք   բազմիցս ականատես եղանք  տեսագրութիւններու, որոնք ուղղակիօրէն կը հակասէին ոստիկանութեան ներկայացուցած պատկերին ու պատճառաբանութեան, ալ աւելի խորացնելով սեւամորթներու ցասումը ոստիկանութեան նկատմամբ:  Ասկէ ծնաւ «Black lives matter» («Սեւերուն կեանքն ալ կարեւոր է»)  անունը  կրող  շարժումը: Ճորճ Ֆլոյտի սպանութենէն ետք, երբ ամբողջ աշխարհը ականատես եղաւ,   մօտաւորապէս 8,5 վայրկեան տեւող  դաժան տեսարանի, երբ ոստիկանը անտարբեր հայեացքով իր ծունկը անոր վիզին դրած փաստօրէն խեղդամահ ըրաւ: Զարհուրելի այս տեսարանը ցնցեց ոչ միայն սեւամորթ քաղաքացիները, այլ   ամբողջ Ամերիկան և ինչու չէ ամբողջ աշխարհը։ Վերջապէս Ամերիկայի ոչ սեւամորթ հասարակութիւնը հասկցաւ, որ ոստիկանութիւնը իսկապէս անարդար կերպով կը վարուի սեւամորթներուն  հետ։ Այդ  է պատճառը, որ այս անգամ համատարած բողոքի ցոյցերուն դուրս եկած սեւամորթ ամերիկացիներուն միացան մեծ թիւով սպիտակամորթ և այլ ազգի ամերիկացիներ: Միասնական բողոքի այս հզօր ալիքը ստիպեց պատկան մարմիններուն գործնական քայլեր առնել: Այսօր Ամերիկայի ժողովուրդին աւելի քան 61 տոկոսը, կը համարէ, որ այս շարժումը արդարացի է եւ անպայման բարեփոփոխումներ պէտք է տեղի ունենան: Արդէն շօշափելի փոփոխութիւններ կը տեսնենք զանազան ոլորտներէն ներս, սկսելով ոստիկանութեան համակարգի վերափոխութենէն, մինչև Ամերիկայի պատմութեան՝ մանաւանդ ստրկատիրական շրջանի խորհրդանիշներու վերացումով և ղեկավարներու արձաններու քանդումով: Այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ Ամերիկայի հասարակութիւնը վերջապէս անցած է խորհրդանշական սահմանը, եւ  այլեւս ետ դարձ պիտի չըլլայ։ Այստեղ  պէտք է նշել,  որ նախագահ Թրամփ բոլորովին հակառակ դիրք բռնած է այս շարժման նկատմամբ և մինչև իսկ մասնակիցները անուանած խառնակիչներ և գողեր: Այս դիրքորոշումը ևս բացասաբար կ’ազդէ իր ժողովրդականութեան վրայ, մանաւանդ երբ իր հրամանով Ուաշինկթընի մէջ խաղաղ ցուցարարները արցունքաբեր ռումբերով եւ մահակներով ցրեցին, որպէսզի ան կարողանայ քալելով հասնի Սպիտակ տան կից եկեղեցւոյ բակը եւ Աստուծաշունչը ձեռքին պարզապէս նկարուի: Քաղաքացիներուն վրայ  այս բեմականացումը շատ բացասական տպաւորութիւն ձգեց, որովհետեւ  այս իր քայլին մէջ տեսան անձ մը, որ զուրկ է առաջնորդի մը յարիր ունակութիւններէ և անկարող նման ճգնաժամային պահին երկիրը համախմբելու: Աւելին, նախագահ Թրամփ կը հաւատայ, որ միայն երկրին մէջ առկայ բաժանումները խորացնելով,  ընկերային ճեղքերը լայնցնելով  ինք պիտի կարողանայ վերընտրուիլ: Անցնող չորս տարիներուն ոչինչ փոխուեցաւ իր այս մօտեցումէն և ան շարունակաբար առաւ կարգ մը քայլեր և որոշումներ, որոնք կը միտէին գոհացնելու միայն իր հետեւորդներուն ծայրայեղ քաղաքական և ընկերային համոզումները: Դժբախտաբար, ան ադպէս ալ չկարողացաւ և ավելի ճիշտը չուզեց բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը դառնալ, համոզուած ըլլալով, որ իր վերընտրութեան միակ գրաւականը երկրի առկայ հակասութիւնները շահագործելն է:

 –  Հայութեան  համար  եւս    մեծ  փորձաքար  հանդիսացան   վերջին ամիսներուն  ԱՄՆ-ի  մէջ ստեղծուած    իրավիճակները, ըլլայ  «Քորոնա»ն կամ ընկերային  ցնցումները:

-Անշուշտ բոլոր ամերիկացիներուն նման, ամերիկահայութիւնը եւս անմասն չմնաց «Քորոնա»ի պատճառած առողջապահական եւ տնտեսական վնասներէն, եւ առ այսօր կը կրէ զանոնք: Իսկ ընկերային հարցերուն վերաբերեալ, պիտի ըսենք որ մենք որպէս հայեր, ինչու չէ նաեւ, որպէս  Հնչակեան կուսակցութիւն, ամէն կերպ դէմ եղած ենք խտրականութեան , որովհետեւ որպէս ժողովուրդ մենք մեր մաշկին վրայ դարերով զգացած ենք այդ խտրականութիւնը Օսմանեան կայսրութեան լուծին տակ եւ անշուշտ չէինք կրնար անտարբեր մնալ այս երեւոյթին հանդէպ: Անոր համար ալ այստեղ հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ այլ կազմակերպութիւններու կողքին, Հնչակեան «Կայծ» երիտասարդական միութիւնը եւս յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ՝ ի զօրակցութիւն այս շարժման արդար պահանջներուն և մասնակից դարձաւ ցույցերուն:

Վերջին հարց.  Ինչպիսին է ամերիկահայութեան տեսակէտը վերջին իրադարձութիւններուն և յառաջիկայ ընտրութիւններուն կապակցութեամբ: Հարցը  կու տանք    շատ  լաւ իմանալով, որ Ամերիկայի  հայութիւնը  առհասարակ  բազմերանգ է ու դժուար է   այն ներկայացնել «մէկ պլոք»ի կամ  մէկ տեսակէտ ունեցող  հաւաքականութեան ընդհանուր հովանոցին տակ։

-Ճիշդ է ձեր ակնարկը, որ ամերիկահայութիւնը բազմերանգ է, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի Ամերիկայի ներքին կեանքին, իւրաքանչիւր հայ քաղաքացի, Ամերիկայի միւս քաղաքացիներուն նման, իր քուէն կու տայ այն թեկնածուին, որուն քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, և կրօնական համոզումները կը համընկնին իր մօտեցումներուն։ Սակայն երբ հարցը կը վերաբերի Հայաստանին, Արցախին եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման,  ամերիկահայ ընտրողը գրեթէ միշտ նախապատուութիւնը տուած է այն թեկնածուին, որ հայանպաստ կեցուածք ունեցած է, կամ կը խոստանայ ունենալ: Անշուշտ պատմութիւնը ցոյց տուած է,  որ շատ մը նախագահական թեկնածուներ մինչեւ իրենց  նախագահ ընտրուիլը կը խոստանան ճանչնալ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն նախագահ դառնալէ ետք, կը դրժեն այդ խոստումը զանազան արդարացումներով եւ պատճառաբանութիւններով: Կը յուսանք, որ յաջորդ  վարչակարգը հիմնուելով 2019-ի Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակոյտի զոյգ բանաձեւերուն վրայ, Հայոց Ցեղասպանութեան   ճանաչման պետական քաղաքականութիւն կը մշակէ եւ այդպիսով Ցեղասպանութեան հարցը վերջնականապէս քաղաքական շահարկումներէ  դուրս կու գայ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններուն, ապա բնականաբար դեռ կանուխ է վերջնականապէս կողմնորոշուիլը և ինչպէս աւանդոյթն է, իւրաքանչիւր կուսակցութեան քաղաքական մարմինը, երբ կը մօտենան ընտրութիւնները, կը հրապարակէ այն թեկնածուներուն ցանկը, որոնց կը զօրակցի, յորդորելով իր համակիրները եւ համայնքի ներկայացուցիչները, որպէսզի անոնց ի նպաստ քուէարկեն:

Անշուշտ դեռ չենք կրնար կանխատեսել նախագահական ընտրութեան արդիւնքները,  սակայն կրնանք հաստատապէս ըսել, որ Ճօ Պայտընի նախագահ դառնալու պարագային, կ’ակնկալուի Ամերիկայի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերադասաւորութիւն եւ ընդհանրապէս գործելաոճի կտրուկ փոփոխութիւն: Անշուշտ մեզի համար առաւել ուշադրութեան արժանի պիտի ըլլայ այդ ակնկալուող փոփոխութիւններու անդրադարձը մեր տարածաշրջանին վրայ,  այսինքն նախ Ղարաբաղեան հակամարտութեան առումով և ապա Ամերիկա-Իրան յարաբերութեան տեսանկիւնէն, որ ինքնաբերաբար իր անմիջական անդրադարձ պիտի ունենայ Հայաստանի վրայ:

Հարցազրոյցը ՝ Սագօ Արեանի

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment