Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեան Դատական Հայց Ներկայացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի Դէմ

Ռոպերթ Քոչարեան Դատական Հայց Ներկայացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի Դէմ

by MassisPost

Հայաստանի նախկին նախագահ, սահմանադրական կարգի տապալման համար մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեան դատական հայց ներկայացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։

Անազատութեան մէջ գտնուող Քոչարեանի պահանջը կը վերաբերի հրապարակայնօրէն արտայայտուած զրպարտութենէ պատիւը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանելուն։

Թէ հայցին մէջ Փաշինեանի ո՞ր յայտարարութիւնը դրուած է, երկրորդ նախագահի ներկայացուցիչ, փաստաբան՝ Հայկ Ալումեան չմանրամասնեց։ Ան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին, միայն ըսաւ, որ հրապարակային եղած յայտարարութիւններու հերքումէն բացի, կը պահանջեն նաեւ 2 միլիոն դրամի փոխհատուցում։

Հայցը մակագրուած է Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Տիգրան Գրիգորեանին, կը հաղորդէ դատական տեղեկատուական համակարգը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment