Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեան 16 Ապրիլին կը Մասնակցի Ապրիլեան Քննիչ Յանձնաժողովի Նիստին

Սերժ Սարգսեան 16 Ապրիլին կը Մասնակցի Ապրիլեան Քննիչ Յանձնաժողովի Նիստին

by MassisPost

Երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գրասենեակի կողմէն այսօր պաշտօնական գրութիւն ուղարկուած է Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ՝ Անդրանիկ Քոչարեանին, ի պատասխան երէկ անոր կողմէն յղուած գրութեան:

Ինչպէս յայտնած է գրասենեակի ֆէյսպուքեան էջը, գրութեամբ յայտնած են, որ Սերժ Սարգսեան կը ներկայանայ ԱԺ, մասնակցելու ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող յանձնաժողովի նիստին:

Գրութեան մէջ նշուած է. «Չնայած ՀՀ երրորդ նախագահը որեւէ օրէնքով չի կրում պարտականութիւն յանձնաժողովի լսումներին ներկայանալու, այդ թուում` «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» ՀՀ սահմանադրական օրէնքով, այդուհանդերձ, նախագահ Սերժ Սարգսեանը ո՛չ յանձնաժողովում եւ ո՛չ էլ որեւէ այլ ձեւաչափով խնդիր չունի մանրամասներ ներկայացնելու Ատրպէյճանի կողմից 2016 թուականին սանձազերծուած ապրիլեան ռազմական յարձակման մասին, առաւել եւս, որ ռազմական լայնածաւալ այդ գործողութիւնների վերաբերեալ մինչ այժմ Սերժ Սարգսեանի կողմից հրապարակային բազմաթիւ անդրադարձներ են եղել` ելոյթներ, հարցազրոյցներ, նախագահի մասնակցութեամբ անցկացուած խորհրդակցութիւններ, հանդիպումներ, նիստեր, որոնցում բաւականին հանգամանալից անդրադարձ է կատարուել այդ իրադարձութիւններին»:
Գրասենեակը նաեւ խնդրած է պարզաբանել արդեօ՞ք յանձնաժողովի փակ նիստը պիտի ձայնագրուի, սղագրուի եւ պատշաճ կարգով արխիւացուի, թէ՞ ոչ, եւ տեղեկացուցած է, որ Սերժ Սարգսեան նպատակայարմար կը գտնէ 2016 թուականի ապրիլին ծաւալուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքները ուսումնասիրելու նպատակով ստեղծուած յատուկ քննիչ յանձնաժողովը այցելել յայտարարուած արտակարգ դրութեան ժամկէտի աւարտէն յետոյ, պայմանով, որ ձայնագրութեան մէկ օրինակը նիստէն յետոյ տրամադրուի իրեն, եթէ նիստի ընթացակարգով ձայնագրութիւն նախատեսուած է, հակառակ պարագային, տալ ձայնագրման հնարաւորութիւն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment