Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանը Հայաստանէն Դուրս Ելած Է Դատարանի Թոյլտուութեամբ

Սերժ Սարգսեանը Հայաստանէն Դուրս Ելած Է Դատարանի Թոյլտուութեամբ

by MassisPost

«Սերժ Սարգսեանը Հայաստանից դուրս է եկել դատարանի թոյլտուութեամբ», – «Ազատութիւն»ին փոխանցեց, մօտ կէս միլիառ դրամ յափշտակելու կազմակերպութեամբ մեղադրուած երրորդ նախագահին պաշտպանը՝ Ամրամ Մակինեան, վստահեցնելով՝ Սարգսեանը պիտի վերադառնայ։

Ըստ փաստաբանին, դատաւորին ներկայացուցած են միջնորդութիւններ թէ՛ ինքը, թէ՛ երրորդ նախագահի գրասենեակի պատասխանատու՝ Մերի Յարութիւնեանը: Դատարանը Սերժ Սարգսեանին թոյլատրած է Հայաստանէն բացակայիլ 4-7 Մարտին։ Այս տեղեկութիւնն ալ Յարութիւնեանը յայտնեց։

Սերժ Սարգսեանի ու միւսներուն գործը կը քննէ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր՝ Վահէ Միսակեան։

«Ազատութիւն». – Յայտնի է, որ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին, ինչպէ՞ս ստացուեց, որ Սերժ Սարգսեանը Հայաստանէն կարողացաւ դուրս գալ։

Մակինեան. – Պաշտպանական կողմը եւ պարոն նախագահի գրասենեակի պատասխանատուն դիմել են դատարանին, հիմնաւորել են, որ պարոն նախագահը ունէր նախապէս բլանաւորուած աշխատանքային այց, Պելճիքայի Թագաւորութիւն, օրէնքով սահմանուած կարգով ստացել ենք թոյլտուութիւն, պարոն նախագահը մեկնել է Պելճիքա։

«Ազատութիւն». – Դատական նիստին այդ միջնորդութիւնը հրապարակային չէք ներկայացրել, դրանից յետո՞յ է արուել։

Մակինեան. – Քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքը չի նախատեսում, որ դիմումները այդպիսի պէտք է քննարկուեն դատական նիստի ընթացքում, բացի այդ, այդ անհրաժեշտութիւնը՝ պարոն նախագահի Պելճիքայի Թագաւորութիւն մեկնելու, ծագել է դատական նիստից յետոյ, այդ պատճառով դատական նիստին այդ խնդրանքը չի ներկայացուել դատարանին։

«Ազատութիւն». – Երկրից բացակայելու վերաբերեալ միջնորդութիւնը գրաւո՞ր, թէ՞ բանաւոր կերպով է ներկայացուել եւ քննարկուել։

Մակինեան. – Թէ՛ իմ եւ թէ՛ երրորդ նախագահի գրասենեակի պատասխանատուի միջնորդութիւնները եղել են գրաւոր։

«Ազատութիւն». – Ձեզ նաեւ գրաւո՞ր պատասխան է եկել դատարանից։

Մակինեան. – Այո։

«Ազատութիւն». – Միւս նիստն ամսի 26-ին է, մինչեւ այդ Սերժ Սարգսեանը կը վերադառնա՞յ Հայաստան։

Մակինեան. – Անպայման։

Դատախազութենէն դատարանի որոշումը մեկնաբանել չցանկացան, բայց փոխանցեցին թէ հարցը կը կարծեն, որ պէտք էր քննարկուեր դատական նիստին, եւ որոշում կայացուեր կողմերու դիրքորոշումը պարզելէ յետոյ, ինչ որ տուեալ դէպքին, ըստ դատախազութեան, չէ կատարուած։

Նախկին իշխանական Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախագահը Պրիւքսէլի մէջ հանդիպած է եւրոպացի ներկայ ու նախկին պաշտօնեաներու հետ, ինչպէս՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագահ, Եւրոպական խորհուրդի նախկին նախագահ՝ Տոնալտ Թուսքի հետ, եւ քննարկած է Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւնները, տեղեկացուցած է ՀՀԿ փոխնախագահ՝ Արմէն Աշոտեան իր ֆէյսպուքեան գրառումներով։

Ժողովուրդի ճնշումով հրաժարականը տուած նախկին նախագահը, հանդիպումներու ընթացքին խօսած է ժողովրդավարութեան, ժողովրդականութեան ու անոր վտանգներու մասին։ Այս թեման կարմիր թելի նման կ’անցնի նախկին նախագահի վերջին յայտարարութիւններուն մէջ։ Մասնաւորապէս՝ Զաղրեպի մէջ, ԵԺԿ ամպիոնէն անցեալ նոյեմբերին Սարգսեանը կարծիք յայտնած էր, թէ ինքը 2018-ին իշխանութիւնը զիջած է պոպուլիստ ՝ «ժողովրդականներ»ուն։

«Երկրում ժողովրդավարութեանը սպառնացող, վտանգաւոր զարգացումներ են տեղի ունենում, խաթարուել են սահմանադրականութեան հիմքերը», – յայտարարած է Սարգսեանը։

Իշխանական «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Գայեանէ Աբրահամեան կը կարծէ, որ երբ քրէական գործի յարուցումէն յետոյ Արմէն Աշոտեան միտում կը տեսնէր, թէ այդպիսով կը փորձեն կանխել նաեւ Սերժ Սարգսեանի արտաքին քաղաքական գործունէութիւնը, ան կը չափէր իրենց արշինով: Անոնք, որպէս պատգամաւոր, այդպէս կը վարուէին։

«Նոյն Սերժ Սարգսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի կառավարման տարիներին եղել են քաղբանտարկեալներ։ Ես ինքս, շատ իմ գործընկերներ, իրաւապաշտպաններ, բազմաթիւ քաղաքական նաեւ գործիչներ տարիներ շարունակ քննադատուած են դրսի գործընկերների հետ բողոքներ կամ «դրսից տղայ բերելու գործընթաց իրականացնելու համար»։ Հիմա նոյնն են իրականացնում շատ աւելի բարձր մակարդակով, որովհետեւ ունեն այդ կապերը տարիներով ձեւաւորուած, եւ մենք որեւէ կերպ այդ արգելքը չենք դնելու, որովհետեւ մեզ համար վախենալու չի ոչինչ։ Մենք կարծում ենք, որ մեր միջազգային գործընկերները շատ լաւ, իրենցից լաւ, մեզնից լաւ, բոլորից լաւ հասկանում են՝ իրականում ինչ է տեղի ունենում», – ըսաւ Աբրահամեան։

Պատգամաւորը կը յուսայ, որ դատարանը ունի բաւարար երաշխիքներ, որ Սերժ Սարգսեանը կը վերադառնայ, եւ արդարադատութենէն խուսափող մէկ հոգի եւս չ’աւելնար։

«Այս պահին մենք ունենք նաեւ Սամուէլ Մայրապետեանի երաշխաւորութեան չպահուած, փաստօրէն, երկրից մեկնում», – նշեց Գայեանէ Աբրահամեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment