Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Քաղաքացիի Անձնագիր Յանձնած է 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչին

Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ Քաղաքացիի Անձնագիր Յանձնած է 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչին

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ քաղաքացիի անձնագիր յանձնած է 105-ամեայ մեր հայրենակից Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչին:

«Ինձ համար մեծ պատիւ է Ձեզ շնորհել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացու անձնագիր: Այս պահից Դուք Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացի էք»,- նշած է վարչապետը:

Վարչապետը զրուցած է պարոն Եուսուփովիչի հետ, հետաքրքրուած անոր որպիսութեամբ եւ մաղթած  քաջառողջութիւն:

Նուրհան Եուսուփովիչը ծնած է 1915-ին Թուրքիա: Նախ ընտանիքով բնակած են Պոլիս, ապա փոխադրուած են Անգարա: Հայրը առեւտրական էր, գլխակագործ, որ նիւթերը կը բերէր Իտալիայէն ու կը կարէր գլխարկներ: Երեխաները լաւ կրթութիւն ստանալու համար ապահոված է հնարաւոր պայմաններ: Նուրհան Եուսուփովիչը կրթութիւնը ստացած է տեղի իտալական դպրոցը: Միշտ աչքի զարկած է իր առաջդիմութեամբ, եւ պատահական չէ, որ իտալացի մասնագէտներու ուշադրութիւնը գրաւած է: Կրթութիւնը աւարտելէն յետոյ, որոշ ժամանակ աշխատած է Թուրքիոյ մօտ Իտալիոյ դեսպանատունը: Սկիզբը աշխատած է, որպէս մշակոյթի գծով քարտուղար: Այդպէս սկսած է իր դիւանագիտական աշխատանքը: Հետագային Նուրհան Եուսուփովիչ աշխատած է դեսպանատուն, որպէս ռազմական կցորդի երրորդ, ապա երկրորդ քարտուղար, իսկ դիւանագիտական գործունէութիւնը աւարտած է առաջին քարտուղարի պաշտօնով:

Կենսաթոշակային տարիքին մեկնած է Իտալիա, ուր եւ բնակած է որոշ ժամանակ: Եւ ահա ամիսներ առաջ տեղափոխուած է Հայաստան: Նուրհան պապը զաւակներ չունի, մայրն ու կինը մահացած են, եւ այժմ ան Հայաստան կը բնակի քրոջ ու քրոջ տղու ընտանիքին հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment