Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Պաշտպանութեան Բանակը Կանխել Է Ատրպէյճանական Ներթափանցման Փորձ, Հակառակորդը Կորուստներ Ունի

ՀՀ Պաշտպանութեան Բանակը Կանխել Է Ատրպէյճանական Ներթափանցման Փորձ, Հակառակորդը Կորուստներ Ունի

by MassisPost

6 Մարտի առաւօտեան ժամը 5:30-ի սահմաններուն, Հայաստանի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ, ատրպէյճանական զինծառայողները ձեռնարկած են ներթափանցման փորձ: Հաղորդած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Դիրքապահ անձնակազմի գրագէտ գործողութիւնների շնորհիւ՝ հակառակորդը, կորուստներ տալով, յետ շպրտուած է իր ելման դիրք, թողնելով զինամթերք եւ ականորսիչ սարք: Հայկական կողմը կորուստներ չունի, գործողութիւնների արդիւնքում թեթեւ վիրաւորում է ստացել մէկ զինծառայող, դէպքի մանրամասները կը ճշդուին:», – ըսած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութիւնը:

Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան հաւաստմամբ՝ գործողութիւններու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ տուեալ ներթափանցման համար, որ իրագործուած է համապատասխան պատրաստութիւն անցած անձնակազմի կողմէ, հակառակորդը կատարած է նախապատրաստական լուրջ աշխատանքներ: Ականադաշտերուն մէջ անցումներ բանալու համար օգտագործուած է ոչ ատրպէյճանական ականորսիչ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment