Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտպանութեան Նախարարը Խիստ Թելադրանքներ Տուած է Ռազմական Ոստիկանութեան

Պաշտպանութեան Նախարարը Խիստ Թելադրանքներ Տուած է Ռազմական Ոստիկանութեան

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը խորհրդակցութիւն կայացուցած է Ռազմական ոստիկանութենէն ներս, որու ընթացքին քննարկուած են զինուորական ծառայութեան ընթացքին մահուան ելքով դէպքերու, անոնց կանխարգելման, առկայ  իրավիճակի, Ռազմական ոստիկանութեան աշխատանքին առնչուող եւ այլ հարցեր:

Ինչպէս «Ֆեյսպուքի» էջին գրառմամբ կը տեղեկացնէ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը, հանդիպման սկիզբը Դաւիթ Տօնոյեանը հրաժեշտ տուած է Ռազմական ոստիկանութեան նախկին պետ, զորավար-մայոր Արթուր Պաղտասարեանին, որմէ ետք կայացուցած է քանի մը քատրային որոշումներ՝ պաշտօններէն ազատուած են քանի մը բաժնի պետեր:

Նախարարը Ռազմական ոստիկանութեան (ՌՈ) պետի տեղակալ, գնդապետ Ալեքսանտր Աղաճանեանին յանձնարարած է ժամանակաւորապէս կատարել ՌՈ պետի պաշտօնական պարտականութիւնները:

Դաւիթ Տօնոյեանը ՌՈ անձնակազմին եւ գնդապետ Ալեքսանտր Աղաճանեանին տուած է խիստ ցուցումներ, մասնաւորապէս շեշտած է կարգապահութեան ամրապնդման հարցի խիստ կարեւորութիւնը եւ պահանջած է կտրուկ բարձրացնել դաշտային հետախուզական աշխատանքներու որակը:

Երկուշաբթի օր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մօտ տեղի ունեցած էր խորհրդակցութիւն Զինուած ուժերու մէջ այս տարուան առաջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին մահուան 13 դէպքերու հետ կապուած, երկու օր անց պաշտօնանկ եղան Ռազմական ոստիկանութեան պետը եւ Զինուած ուժերու բարոյահոգեբանական ապահովման վարչութեան պետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment