Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Տուեալներ Ստացած է Կեղծ Օգտատէրերու Միջոցով Ահաբեկչութեան Կոչերու Տարածման Վերաբերեալ

ԱԱԾ-ն Տուեալներ Ստացած է Կեղծ Օգտատէրերու Միջոցով Ահաբեկչութեան Կոչերու Տարածման Վերաբերեալ

by MassisPost

ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ստացած է փաստական տուեալներ, որ «Ֆեյսպուք» ընկերային ցանցին մէջ մտացածին կամ իրական անուններով բացուած շարք մը անհատական էջերու 3 օգտատէր 2019-ի Նոյեմբերէն մինչեւ 2020-ի Փետրուարն ինկած ժամանակահատուածին բաց հարթակի վրայ հրապարակայնօրէն կատարած են ազգային արժանապատւութիւնը նուաստացնելուն ուղղուած գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան հրապարակային կոչեր, որն առաջացուցած է անոնց կատարման իրական վտանգ: Այս մասին տեղեկացուցած են ԱԱԾ մամուլի կեդրոնէն:

«www.facebook.com» ընկերային ցանցում մտացածին կամ իրական անուններով բացուած մի շարք անհատական էջերի 3 օգտատէր 2019 թ. Նոյեմբերից մինչեւ 2020 թ. Փետրուարն ընկած ժամանակահատուածում բաց հարթակում հրապարակայնօրէն կատարել են ազգային արժանապատւութիւնը նուաստացնելուն ուղղուած գործողութիւններ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան հրապարակային կոչեր՝ օգտատէրերի լայն լսարանի առջեւ քարոզելով նախկին եւ ներկայիս քաղաքական եւ հասարակական գործիչների, ընկերային խմբերի հանդէպ բռնութեամբ զուգորդուած գործողութիւնների կատարում, որն առաջացրել է դրանց կատարման իրական վտանգ:

Յիշեալ արարքներ կատարելիս ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձինք թոյլ են տուել վիրաւորական արտայայտութիւններ հայ ժողովրդի բացարձակ արժէքների՝ Հայոց լեզուի եւ բանակի վերաբերեալ, բռնութեան կոչերով հանդերձ հրապարակել են ինչպէս ՀՀ իշխանութեան, Արցախի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաների, այնպէս էլ Հայաստանի Հանրապետութեան 1-ին եւ 2-րդ նախագահների պատիւն ու արժանապատւութիւնը նուաստացնող ծաղրանկարներ։

Առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքերի առթիւ ՀՀ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքում յարուցուել է քրէական գործ ՀՀ քրէական օրէնսգրքի համապատասխան յօդուածներով։

Նախաքննական մարմինը ձեռնարկում է համապատասխան միջոցառումներ յիշեալ օգտատէրերի կապերի շրջանակը պարզելու, այլ յանցադէպգերը բացայայտելու եւ հնարաւոր վտանգները չէզոքացնելու ուղղութեամբ»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment