Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանցիներու 90 Տոկոսը Քորուփցիան կը Համարէ Լուրջ Հիմնախնդիր. «Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ»

Հայաստանցիներու 90 Տոկոսը Քորուփցիան կը Համարէ Լուրջ Հիմնախնդիր. «Թրանսփարընսի Ինթըրնաշընլ»

by MassisPost

Հայաստանցիներու 90 տոկոսը քորութփցիան կը համարէ լուրջ հիմնախնդիր, կը վկայէ «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակաքորուփցիոն կեդրոնի հարցումը, որ կայացած է 2019-ի Հոկտեմբերէն Դեկտեմբերն ինկած ժամանակահատուածին՝ 1500 քաղաքացիի շրջագիծէն ներս։

Հարցման նպատակը եղած է պարզել՝ քաղաքացիներու հակաքորուփցիոն ընկալումներու եւ վարքագիծի փոփոխութիւնը իշխանափոխութենէն ետք։

Հարցուածներու մեծամասնութեան կարծիքով մինչեւ 2018-ի իշխանափոխութիւնը քորուփցիան կրած է համատարած բնոյթ։

Դատարաններ, ԶԼՄ-ներ, դատախազութիւն՝ մատնանշուած են որպէս ամենաքորումփացուած կառոյցներ։ Ընդ որում, դատարաններու մասին այսպէս կը մտածէ հարցուածներու գրեթէ կէսը։

«Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակաքորուփցիոն կեդրոնի գործադիր տնօրէն Սոնա Այվազեանն այս պատկերը զարմանալի չի համարեր՝ շեշտելով՝ իշխանափոխութենէն ետք դատաիրաւական համակարգին մէջ փոփոխութիւններ տեղի չեն ունեցած։

«Նոյնիսկ եթէ դատախազութիւնը փորձում է փոխել իր աշխատելաոճը եւ այդպէս յարմարեցնել յետյեղափոխական պահանջներին, այդուհանդերձ կան էդ ընկալումները, որ դեռեւս իրաւապահները էդպէս զարգացում, փոփոխութիւն չեն ապրել, նոյնը դատարաններին է վերաբերում։ Այսինքն՝ սա շատ լուրջ ազդակ է, ըստ էութեան, իշխանութիւններին, որ այս երեք ոլորտների եւ ոչ միայն այս երեք, անշուշտ, սրանք մենք վերցրել ենք ոչ թէ որպէս ոլորտներ, բայց հիմնական հիմնարկներ, որոնք պայմանաւորում են առհասարակ երկրում օրինաւորութիւնը, ազգային օրինաւորութեան համակարգի հիմնական կառոյցներից են», – նշած է Այվազեանը։

Որպէս առաւել քորումփացուած ոլորտներ հարցուածները նշած են առողջապահութիւնն ու ճանապարհային ոստիկանութիւնը:

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի խորհրդական Արսէն Մանուկեանը որպէս արդիւնք մատնանշած է քորուփցիայի ընկալման համաթիւը, որ 2019-ին նախորդ տարուան համեմատ բարելաւած է իր դիրքերը 7 կէտով՝ 105-էն գրաւելով 77-րդ տեղը։ Պաշտօնեան նշած է, որ կառավարութիւնն իր տարբեր նախաձեռնութիւններով կը շարունակէ պայքարը քորուփցիայի դէմ։ Քորուփցիայի կանխարգելման յանձնաժողով, քորուփցիայի դէմ պայքարի ռազմավարութիւն՝ թուարկած է Արսէն Մանուկեանը։

«Հետազօտութեան մէջ նշւում է, որ ընդամէնը 0,2 տոկոսն է, որ վստահում է եւ պատրաստ է օգտուել Azdararir.am կայքից, այսինքն՝ հաղորդագրութիւն ուղարկել այդ համակարգին, աւելի շատ մարդիկ, ըստ հետազօտութեան արդիւնքների, նախընտրում են դիմել ոստիկանութիւն եւ ուղղակի նամակ գրել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին», – նշած է Մանուկեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment