Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅՔԾ. Գէորգ Կոստանեանի Յայտարարութիւնը Հերթական Պատրուակ է Քննութեանը Չներկայանալու

ՅՔԾ. Գէորգ Կոստանեանի Յայտարարութիւնը Հերթական Պատրուակ է Քննութեանը Չներկայանալու

by MassisPost

Անդրադառնալով Գէորգ Կոստանեանի կողմէ լրատուամիջոցներով տարածուած յայտարարութեան` հարկ կը համարենք յայտնել, որ ան Մարտ 1-ի քրէական գործով ունի մեղադրեալի դատավարական կարգավիճակ, իսկ նախաքննական մարմին-մեղադրեալ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին բացառապէս ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի   չափանիշերով, համաձայն որոնց` մեղադրեալի, տուեալ պարագային` Գ. Կոստանեանի կամ անոր պաշտպանի  խնդրանքը` ուղղուած վարոյթն իրականացնող մարմնին, պէտք է ունենայ միջնորդութեան ձեւ, որ, դատավարական ընթացակարգերուն համապատասխան ներկայացնելու պարագային, օրէնքով սահմանուած կարգով եւ ժամկէտներու մէջ կը քննարկուի վարոյթն իրականացնող մարմնի կողմէ: Այսինքն` առնուազն տարակուսելի է, որ ժամանակին ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնն զբաղցուցած Գ. Կոստանեանը հանդէս կու գայ քրէական գործի վերաբերեալ հրապարակային քննարկում կազմակերպելու անիրատեսական առաջարկով, որ կրնանք գնահատել որպէս քննութեան չներկայանալու հերթական պատրուակ:

Ինչ կը վերաբերի Գ. Կոստանեանի այն յայտարարութեան, որով վերջինս պատրաստակամութիւն յայտնած է իր ունեցած տեղեկատւութեամբ աջակցելու Մարտ 1-ի գործով 10 անձանց մահուան հանգամանքներու բացայայտման, ապա նման հնարաւորութիւն Գ. Կոստանեանն արդէն իսկ ունեցած է քրէական գործով որպէս վկայ հարցաքննութեան ժամանակ: Հակառակ անոր` եթէ ան իսկապէս ազնիւ է քրէական գործի նախաքննութեանն աջակցելու իր նպատակներուն մէջ, ապա Յատուկ քննչական ծառայութիւնը կրկին կոչ կ’ընէ վերջինիս ներկայանալու եւ իր ունեցած տեղեկութիւնները յայտնելու նախաքննական մարմնին օրէնքով նախատեսուած ընթացակարգերու շրջագիծէն ներս, այլ ոչ թէ հրապարակային ելոյթներով եւ յայտարարութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment