Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանը Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահին Հետ

Փաշինեանը Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահին Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի հետ:

Վարչապետի աշխատակազմէն յայտնած են, որ ՀՀ վարչապետը եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահը քննարկած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են աւելի զարգացնել ՀՀ-ԵՄ յետագայ համագործակցութիւնը, այդ շարքին՝ առեւտրատնտեսական կապերը:

Քննարկման առանցքը եղած է Հայաստանի մէջ իրականացուող ժողովրդավարական բարեփոխումներու օրակարգը: Եւրոպական խորհուրդի նախագահն ընդգծած է, որ կը կարեւորէ Հայաստանի ընտրած բարեփոխումներու ճանապարհը:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը եւ Շառլ Միշելը միտքեր փոխանակած են Յունիս ամսուն Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Արեւելեան գործընկերութեան առաջիկայ գագաթնաժողովէն իրենց սպասելիքներուն շուրջ:

Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment