Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Կաշառառութեան Մէջ Մեղադրուող Նախկին Դատաւոր Սամուէլ Ուզունեան Լքած է Հայաստանը

Կաշառառութեան Մէջ Մեղադրուող Նախկին Դատաւոր Սամուէլ Ուզունեան Լքած է Հայաստանը

by MassisPost

51 հազար տոլար կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուող նախկին դատաւոր Սամուէլ Ուզունեանը լքած է Հայաստանը։ Կաշառքի գործով մեղադրեալ ներգրաւուած Ուզունեանը, ըստ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեանի, Հայաստանի սահմանը հատած է «Զուարթնոց» օդակայանով, հաւանաբար շաբաթ օրը։ «Հոկտեմբեր 27»-ի գործը քննած Ուզունեանը, նախնական տուեալներով, մեկնած է Ռուսաստանի Դաշնութիւն՝ Մոսկուա։

Գլխաւոր դատախազի խորհրդականի պարզաբանմամբ՝ դատախազի տեղակալը դեռ ուրբաթ օրը Ուզունեանի նկատմամբ հետապնդում յարուցելու եւ անոր ազատութենէն զրկելու միջնորդութիւն ներկայացուցած է Բարձրագոյն դատական խորհուրդ (ԲԴԽ), որ նոյն օրը այն բաւարարած է։ Անկէ ետք գլխաւոր դատախազի տեղակալը որոշում կայացուցած է նախկին դատաւորը մեղադրեալ ներգրաւելու վերաբերեալ եւ գրութիւն ուղարկել Յատուկ քննչական ծառայութիւն (ՅՔԾ), որպէսզի անձին առաջադրուի մեղադրանք եւ լուծուի խափանման միջոցի հարցը։ Շաբաթ օր արդէն ՅՔԾ-ն դիմած է դատարան, եւ մինչեւ դատաւորը կ’որոշէր կալանաւորել Ուզունեանը, նախկին դատաւորը լքած է Հայաստանը:

«ՍԷԿՏ [սահմանային ելեկտրոնային կառավարման տեղեկատուական] համակարգի ուսումնասիրութեամբ պարզուեց, որ նա լքել է հանրապետութեան տարածքը», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Աբրահամեանը, ի պատասխան հարցին հաստատելով՝ «Զուարթնոց» օդակայանով: Ան դժուարացած է տուեալ պահուն յայտնել, թէ որ օրը Ուզունեանը մեկնած է Հայաստանէն, միաժամանակ դրական պատասխանելով դիտարկման, որ այն ենթադրաբար եղած է Շաբաթ օր․ – «Ենթադրաբար այո, եւ քանի որ անձին հնարաւոր չի լինում ներկայացնել նախաքննական մարմնին, անմիջապէս յայտարարւում է հետախուզում»:

« «Ազատութիւն»․ – Իսկ յայտնի չէ՞, թէ նա «Զուարթնոց»-ից ուր է մեկնել, որովհետեւ խօսւում էր, որ Երեւան-Մոսկուա չուերթով է նա կարծես թէ մեկնել, եւ յայտնաբերուել է նաեւ նրա ուղեբեռը, իսկ ուղեբեռում փամփուշտ է յայտնաբերուել:

Գոռ Աբրահամեան․ – Ուղեբեռի պատմութեան հետ կապուած չեմ կարող այս պահին տեղեկութիւններ հաղորդել, բայց առկայ տուեալներով՝ այո, նա դէպի Ռուսաստանի Դաշնութիւն ուղղութիւնով է լքել Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը: Թէ որտեղ է էս պահին գտնւում անձը, մենք չենք կարող ասել»:

Ի դէպ, թէեւ նախկին դատաւորը կրցած է լքել Հայաստանը եւ խուսափիլ կալանաւորումէն, սակայն, ինչպէս կը յայտնէ Ոստիկանութիւնը, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ յայտնաբերուած է անոր ուղեբեռը, իսկ ուղեբեռի մէջ՝ փամփուշտ։ Թէ ինչու եւ ինչպէս դատաւորը հատած է Հայաստանի սահմանը՝ թողելով ուղեբեռը, Ոստիկանութիւնը որեւէ պարզաբանում չէ տուած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment