Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շուէտ Մերժած է Իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուին Թուրքիոյ Արտայանձնելու Պահանջը

Շուէտ Մերժած է Իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուին Թուրքիոյ Արտայանձնելու Պահանջը

by MassisPost

Շուէտի Գերագոյն դատարանը մերժած է Թուրքիոյ իրաւապահ մարմիններու հայցը՝ յայտնի թուրք հրատարակիչ եւ իրաւապաշտպան Ռակըպ Զարաքօլուի արտայանձնման վերաբերեալ:

Թուրքիան մտադիր է դատել Ռակըպ Զարաքօլուին երկրի մէջ ահաբեկչական համարուող «Քիւրտիստանի բանուորական» կուսակցութեան (PKK) հետ կապեր ունենալու համար:

Ինչպէս կը գրէ region monitor-ը, դատարանի որոշումը պէտք է հաստատուի նաեւ Շուէտի խորհրդարանի կողմէ:

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող Զարաքօլուն 2011-ի Հոկտեմբերին կալանաւորուած է վերոնշեալ մեղադրանքով, սակայն 2012-ի Ապրիլին  ազատ  արձակուած է։  Իսկ 2013-ին ան տեղափոխուած է Շուէտ:

Թրքական «Belge» հրատարակչութեան հիմնադիր-տնօրէն, «Özgür Gündem» լրատուամիջոցի սիւնակագիր յայտնի իրաւապաշտպան, մտաւորական Զարաքօլուն Թուրքիոյ իշխանութիւններու կողմէ ներառուած է հետախուզման մէջ գտնուող առաւել վտանգաւոր յանցագործներու ցանկին՝ «կարմիր ցուցակին» մէջ։ Ան 2011-ին Հայաստանի Ազգային գրադարանի կողմէ պարգեւատրուած է Յակոբ Մեղապարտի անուան մետալով` որպէս հրատարակչական մեծ գործունէութիւն ծաւալող անձ, որ նաեւ տասնեակ գիրքեր նուիրած է Ազգային գրադարանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment