Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28-ի առաւօտեան ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի ուսանողներն ու անոնց ծնողները հաւաքուած էին դպրոցի շրջափակէն ներս, բողոքելու համար կրթական հաստատութիւնը փակելու որոշումի դէմ:
Անցեալ շաբաթ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Դպրոցի Հոգաբարձութեան եւ Մանուկեան Հիմնադրամին կողմէ ուսանողներուն, ծնողներուն եւ շրջանաւարտներուն յղուած նամակով մը կը հաղորդուէր որ, որոշուած է կրթական տարուայ աւարտին փակել Փասատինայի դպրոցը ու զայն միացնել Գանոկա Փարքի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին: Սոյն որոշումին որպէս դրդապատճառ տրուած էր` աշակերտներու թիւի նուազումը եւ տարեկան 2 միլիոն տոլարի բացը:
Բողոքող աշակերտները պարզած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Այս մեր վերջին զանգը չէ», «Մեզ չէք կրնար անտեսել», «Մենք արժանի ենք ունենալու 2021 աւարտական տարին», «Ես պէտք է մտահոգուիմ ապագայ համալսարանով եւ ոչ թէ` երկրորդական վարժարանով» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:
Նաեւ ելոյթ ունեցան շարք մը ուսանողները յայտնելով իրենց բողոքն ու մտահոգութիւնը անակնկալ որոշումին դէմ: