Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը կայացած փաստ է, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնագրի բնագիրը նախաստորագրուած է 2025-ի Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ՝ Սպիտակ տան մէջ ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի կազմակերպած գագաթաժողովի ընթացքին։ Այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովին ունեցած ելոյթին մէջ։
Վարչապետին խօսքով՝ համաձայնագրի նախաբանին մէջ յղում կատարուած է 1991-ի Դեկտեմբեր 21-ի Ալմա-աթայի հռչակագրին, իսկ առաջին եւ երկրորդ յօդուածներով կողմերը կը ճանչնան իրարու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը, քաղաքական անկախութիւնը եւ կը հաստատեն, որ չունին ու հետագային եւս չեն ներկայացներ տարածքային պահանջներ։ Փաշինեան ընդգծած է, որ Ալմա-աթայի հռչակագիրը ինկած է նաեւ պետական սահմանի սահամնազատման գործընթացի հիմքին, ինչ որ արձանագրուած է 2024-ին ստորագրուած եւ վաւերացուած սահմանազատման յանձնաժողովներու համատեղ գործունէութեան մասին կանոնակարգին մէջ։
«Եթէ նայենք այս տեսանկիւնից, ապա Ատրպէյճանի նախագահի հետ եւ մեր միջազգային գործընկերների օգնութեամբ մենք հասել ենք անհնարինին, եւ մենք պէտք է ամէն օր հոգ տանենք ձեռք բերուած խաղաղութեան մասին, պահպանենք այն, քանի որ այդ ձեռքբերումն առաջին հերթին ծառայում է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներին, ծառայում է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ապագայ սերունդներին»,- ըսած է Փաշինեան։
Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի վարչապետը նշած է, որ հաստատուած խաղաղութիւնը կատարեալ չէ, եւ դեռեւս առկայ են լուծում պահանջող մարդասիրական խնդիրներ։
«Նկատի ունեմ անյայտ կորածների ճակատագրերի պարզման, ականազերծման եւ կալանքի տակ գտնուող անձանց հետ կապուած հարցերը»,- ըսած է Փաշինեան։
Անդրադառնալով խաղաղութեան հասնելու ընթացքին՝ Հայաստանի ղեկավարը նշած է 2020-ի Նոյեմբերին զինադադարի հաստատման գործին մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերը, ինչպէս նաեւ 2022-ի Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ Ֆրանսիայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի նախաձեռնած հանդիպումը, որով վերականգնուած է Ալմա-աթայի հռչակագրի սկզբունքներուն կիրառումը։ Ան արձանագրած է, որ արդէն աւելի քան երկու տարի է փոխհրաձգութիւններու հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան, շուրջ մէկ տարի է ատրպէյճանական երկաթուղին բաց է հայկական բեռներու համար, սկսած է երկկողմ առեւտուր, եւ սահմանազատուած ու սահմանագծուած է սահմանի 12 քիլոմեթրնոց հատուած։
«Պէտք է խոստովանել, որ 1991 թուականին Ալմա-աթայի հռչակագրի ընդունումը չկանխեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան մագլցումը։ Աւելի քան 30 տարի հակամարտութիւնը տեղի է ունեցել Ալմա-աթայի հռչակագրի գոյութեան պայմաններում, եւ նրա գոյութիւնը կարծես աննկատ էր։ Լիարժէք խաղաղութեան հաստատման համար անհրաժեշտ էր, պատկերաւոր ասած, վերածնել այն»,- նշած է վարչապետը։
Փաշինեան յայտնած է, որ Հայաստանի տարածքին կը նախատեսուի իրականացնել TRIPP նախագիծը, որ, Ուաշինկթընի հռչակագրին համաձայն, պիտի ապահովէ հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակումը, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ անխափան կապը Հայաստանի տարածքով, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հիւսիսային ու հարաւային շրջաններուն կապը Նախիջեւանով՝ պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան յարգման հիման վրայ։ Նախագիծը նոր տարանցիկ հնարաւորութիւններ պիտի բանայ Արեւելք-արեւմուտք եւ Հարաւ-հիւսիս ուղղութիւններով, այդ շարքին՝ Պարսից ծոցէն Սեւ ծով երկաթուղային հաղորդակցութեան համար Իրանի, Նախիջեւանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի տարածքով։ Ան նաեւ նշած է, որ կը սպասուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պետական սահմանի բացումն ու ենթակառուցուածքներու վերականգնումը։



