Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանեան Ընկերութիւնները Ներգրաւուած Են ՀՀ Ռազմավարական Նախագիծերուն Մէջ. Հանդիպած Են Փաշինեանն Ու Փեզեշքեանը

Իրանեան Ընկերութիւնները Ներգրաւուած Են ՀՀ Ռազմավարական Նախագիծերուն Մէջ. Հանդիպած Են Փաշինեանն Ու Փեզեշքեանը

by MassisPost

Թուրքմենիստանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հանդիպումը:

Զրուցակիցները կարեւորած են երկկողմ բարձր մակարդակի աշխոյժ շփումները եւ գոհունակութեամբ նշած, որ անոնք կը նպաստեն Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացման ու ընդլայնման:

Վարչապետը ընդգծած է, որ երկու երկիրները ունին համագործակցութեան յագեցած օրակարգ եւ իրանեան ընկերութիւնները ներգրաւուած են Հայաստանի մէջ իրականացուող ռազմավարական նախագիծերուն մէջ:

Կողմերը համոզմունք յայտնած են, որ յառաջիկային Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները պիտի բարձրանան նոր մակարդակի: Շեշտուած է նաեւ յառաջիկային նախատեսուող բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններուն կարեւորութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Մասուտ Փեզեշքեան միտքեր փոխանակած են երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment