Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկա Պէտք Է Սառեցնէ Հայաստանցի Պաշտօնեաներու Ապօրինի Ունեցուածքները. Դանիէլ Իոաննիսեան

Ամերիկա Պէտք Է Սառեցնէ Հայաստանցի Պաշտօնեաներու Ապօրինի Ունեցուածքները. Դանիէլ Իոաննիսեան

by MassisPost

«Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան ծրագիրներու համակարգող Դանիէլ Իոաննիսեանը Ուաշինկթընի մէջ գործող Հելսինքեան յանձնաժողովին մէջ կայացած «Բարեփոխումները Հայաստանի մէջ. առաջընթաց եւ հնարաւորութիւններ» խորագրով լսումներու ժամանակ առաջարկած է Հայաստանի մէջ քորուփցիոն յանցանքներուն առնչուողներուն՝ ապօրինի ճանապարհով ձեռք բերուած միջոցները ԱՄՆ-ի մէջ սառեցնել:

Ընդհանուր առմամբ, Իոաննիսեանը լսումները կառուցողական ու բովանդակալից կը համարէ, ան նկատել տուած է, որ վերջին անգամ Հայաստանի մասին լսումներ տեղի ունեցած են 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերէն ետք:

«Ամերիկեան աջակցութիւնը կարող է արտայայտուել նաեւ Հետաքննութիւնների դաշնային բիւրոյի՝ FBI-ի, եւ այլ իրաւապահների փորձի փոխանակմամբ՝ գան եւ Հայաստանում իրենց փորձը ներկայացնեն, թէ ինչպէս են իրենք այդ յանցագործութիւնների դէմ պայքարում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Իոաննիսեանը եւ շարունակած․ – «Ինչպէս գիտէք, Հայաստանում հիմա նաեւ մշակւում է ապօրինի ճանապարհով ձեռք բերուած գոյքի վերականգնման վերաբերեալ օրէնսդրութիւն, եւ էս առումով, պէտք է ասեմ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները շատ երկրների է աջակցել, որ այդ երկրներում քորուփցիոն ճանապարհներով եւ այլ յանցաւոր ճանապարհներով ապօրինի ձեռք բերուած գոյքը, որը տարուել է ԱՄՆ, գոնէ սառեցուի, իսկ յետոյ նաեւ վերադարձուի: Եւ շատ օգտակար կը լինէր, որ Ամերիկան նաեւ այդ աջակցութիւնը ցոյց տար Հայաստանին»:

Հելսինքեան յանձնաժողովը ԱՄՆ կառավարական մարմին է եւ բաղկացած է 9 ծերակուտականներէ, 9 քոնկրէսականներէ եւ գործադիր իշխանութեան 3 ներկայացուցիչներէ։ Հանդիպման ներկայ եղած են 4 քոնկրէսական, 2-ը՝ դեմոկրատ, 2-ը՝ հանրապետական:

Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, Իոաննիսեանի փոխանցմամբ, անդրադարձ եղած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան վիճակին: Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման ծրագիրներու համակարգողը իր ելոյթին մէջ ընդգծած է, որ նախկին քորումփացուած համակարգի ներկայացուցիչները ամէն կերպ կը խոչընդոտեն ժողովրդավարական ձեւափոխութեան, ան իր մտահոգութիւնները բարձրաձայնած է նաեւ Հայաստանի դատական համակարգին մէջ առկայ խնդիրներու մասին:

«Ներկայացրեցի իմ կարծիքը թէ՛ վերջին իրադարձութիւնների հետ կապուած, թէ՛ Վահէ Գրիգորեանի յայտարարութեան հետ կապուած, երբ յայտարարել է, որ գնում է Սահմանադրական դատարան որպէս նախագահ», -ըսած է Դանիէլ Իոաննիսեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment