Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ալիեւ. «Զանգեզուրի Փոխանցումը Հայաստանին Յանգեցուց Թրքական Աշխարհի Աշխարհագրական Պառակտման»

Ալիեւ. «Զանգեզուրի Փոխանցումը Հայաստանին Յանգեցուց Թրքական Աշխարհի Աշխարհագրական Պառակտման»

by MassisPost

«Զանգեզուրի փոխանցումը Հայաստանին» յանգեցուց թրքական աշխարհի աշխարհագրական պառակտման, Պաքուի մէջ Թրքական խորհուրդի նիստին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիտեւը։

«Մենք հնարաւորը կ’ընենք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ապահովելու համար», – նոյն նիստին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը՝ յաւելելով․ – «Ատրպէյճանական տարածքներու գրաւման հետեւանքով մէկ միլիոնէ աւելի մարդ այսօր փախստականի կեանքով կ’ապրի»:

Ատրպէյճանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ Թրքական խորհուրդի 7-րդ գագաթնաժողովը, որուն մասնակցելու համար Պաքու ժամանած են այդ կազմակերպութեան անդամ երկիրներ Թուրքիոյ, Ղազախստանի, Ղրղըզստանի, Ուզպեքստանի նախագահները, ինչպէս նաեւ Հունկարիոյ վարչապետը, որուն ղեկավարած երկիրը ունի դիտորդի կարգավիճակ։

Պաքուի մէջ տեղի ունեցող համաժողովը նուիրուած է Թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի 10-րդ տարեդարձին: Հիմնական նիստի ժամանակ կողմերը ստորագրած են շարք մը փաստաթուղթեր, մասնաւորապէս՝ ներդրումային, թրքական մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամներ, առեւտրաարդիւնաբերական պալատ ստեղծելու մասին, ինչպէս նաեւ ընդունած են համատեղ յայտարարութիւն։

Խորհուրդի ստեղծման մասին նախիջեւանեան համաձայնագիրը 2009 թուականին, յիշեցնենք, ստորագրած են Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղըզստանի նախագահները:

Այդ մասին խօսելով Ալիեւը յայտարարած է․ – «Ինչպէս գիտէք, Նախիջեւանն անջատուած է Ատրպէյճանէն։ Մեր միջեւ պատմական ատրպէյճանական Զանգեզուրն է, որու փոխանցումը Հայաստանին յանգեցուցած է թրքական աշխարհի աշխարհագրական պառակտման»։

Ան նաեւ յայտարարած է, թէ «ատրպէյճանական տարածքներուն մէջ» Հայաստանը «կ’ոչնչացնէ մզկիթները», եւ այդ պատճառով Հայաստանը չի կրնար համարուիլ իսլամական աշխարհի բարեկամ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment