Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Շահագրգռուած Ենք Վրաստանի Հետ Կերտել Ռազմավարական Զարգացման Տեսլական. Նիկոլ Փաշինեան

Շահագրգռուած Ենք Վրաստանի Հետ Կերտել Ռազմավարական Զարգացման Տեսլական. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպած է պաշտօնական այցով Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիայի հետ:

Նախ տեղի ունեցած է դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք կայացած է երկու երկիրներու վարչապետներու առանձնազրոյցն ու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

«Կարեւոր է արձանագրել` երկուստեք համոզուած ենք, որ այսօրուայ բանակցութիւնների արդիւնքում մեր երկրների յարաբերութիւններն էլ աւելի են լաւանալու: Եթէ ինձ հարցնեն, թէ որոնք են իմ վարչապետութեան մէկուկէս տարիների ձեռքբերումները, ապա առաջին հերթին կը նշեմ Վրաստանի հետ նոր մակարդակի յարաբերութիւնների ձեւաւորումը: Միաժամանակ համոզուած եմ, որ մեր աշխատանքների արդիւնքում երկկողմ համագործակցութիւնը շատ աւելի կը զարգանայ», – նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Ըստ վարչապետի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան, Վրաստանի վարչապետը իր հերթին նշած է. « Ինծի համար մեծ պատիւ է պաշտօնական այցով գտնուիլ Հայաստան: Մենք մեծ պատասխանատւութիւն ունինք մեր նախնիներու առաջ, որոնք դրած են մեր երկիրներու ու ժողովուրդներու բարեկամութեան հիմքը: Կը ցանկամ հաւաստել, որ մեր յարաբերութիւններն ալ աւելի կը խորանան մեր կողմէ ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարմամբ, ինչը կ’անդրադառնայ նաեւ մեր քաղաքացիներուն վրայ: Հակառակ անոր, որ երկուստեք մեր յարաբերութիւնները կը գնահատենք բարձր, սակայն մենք տնտեսութեան, մշակոյթի եւ միւս ոլորտներուն մէջ կապերը զարգացնելու լաւ հնարաւորութիւններ ունինք»։

Առանձնազրոյցի ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարագային շարք մը հարցերու, այդ շարքին` առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման, տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող թեմաներու:

Ընդլայնուած կազմով հանդիպման վարչապետ Փաշինեանը նշած է, որ առանձնազրոյցի ընթացքին հասցուցած են քննարկել հարցերու լայն շրջանակ: «Դրա ամենակարեւոր արդիւնքը հետեւեալն է. մենք խորապէս շահագրգռուած ենք արձանագրելու նոր արդիւնքներ մեր երկրների յարաբերութիւններում եւ  կերտել ռազմավարական զարգացման տեսլական», – նշած է Հայաստանի վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment