Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հաճնոյ Հերոսամարտի 99-ՐԴ Տարեդարձի Նշումը Փասատինայի Մէջ

Հաճնոյ Հերոսամարտի 99-ՐԴ Տարեդարձի Նշումը Փասատինայի Մէջ

by MassisPost

Հաճնոյ Հերոսամարտի պանծալի տարեդարձը այս տարի եւս նշուեցաւ աւանդութիւն դարձած զոյգ միջոցառումներով:
Արդարեւ, Կիրակի Հոկտեմբերի 13ին, 2019, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգիստ Հաճընցի ննջեցեալներուն համար:

Օրուան պատարագիչն էր Իրաքի Հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեան: Սրբազանը իր քարոզին մէջ ներբողեց թարգմանիչ վարդապետներու վաստակը, որովհետեւ «առանց այբուբենի հայ ժողովուրդը դատապարտուած է ձուլուելու: Այսօր այն ինչ որ ունինք կը պարտինք իրենց»:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն նախագահութեամբ սրբազան հօր, մասնակցութեամբ Տ. Տաթեւ Քհնյ. Թաթուլեանի, Տ. Սարգիս Քհնյ. Բեդոյեանի եւ Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Գաբրիէլեանի, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան արարողութիւն:

hadjin-2

Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան Կիրակոս սրահին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 300 հոգիի: Օրուան միակ ճաշն էր աւանդական հարիսան, կազմակերպուած Հաճնոյ Հայրենասիրական Միութեան Տիկնանց եւ Երիտասարդաց յանձնախումբերուն կողմէ:

Ռիթա Չաւտարեան-Համալեանի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը: Ներկաներուն ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան ատենապետ Զաւէն Քէօշկերեան, ոգեկոչելով 99 տարիներ առաջ քաջարի ազատամարտիկներու հերոսական սխրանքներն ու նահատակներու անմեռ յիշատակը:

Օրուան գլխաւոր խօսք առնողն էր Ալեքսան Կիրակոսեան: Ան տեսաերիզի շնորհիւ պատմական տեղեկութիւններ տուաւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ Հաճընի մասին, միաժամանակ շեշտելով իր գոյամարտի տարբեր հանգրուանները: Գեղարուեստական յայտագրին սկիզբը յոտընկայս երգուեցաւ միութեան քայլերգը «օդանաւ եկաւ»:

Ապա իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Լեփեճեան (նուագ) եւ շնորհալի երգիչ Դաւիթ Սամուէլեան, որ իր ազգային եւ հայրենասիրական երգերով բարձրացուց ներկաներուն տրամադրութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment