Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱԱԾ-ն Քննութիւն Սկսած է՝ Պարզելու Ելեկտրական Համակարգի Խափանման Պատճառները

ԱԱԾ-ն Քննութիւն Սկսած է՝ Պարզելու Ելեկտրական Համակարգի Խափանման Պատճառները

by MassisPost

Կառավարութեան նիստի ժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը տեղեկացուցած է, որ ԱԱԾ-ն քննութիւն սկսած է՝ պարզելու Հայաստանի ելեկտրական համակարգի երէկուայ խափանման պատճառները:

Վանեցեանը ըսած է․ – «Իմ կողմից յանձնարարութիւն է տրուել, որպէսզի նիւթեր նախապատրաստուեն երէկուայ ելեկտրական տատանումների հետ կապուած եւ անջատումների հետ կապուած, որպէսզի յստակ պարզուի ուժանիւթի համակարգի խափանման պատճառները: Չնայած նախնական տուեալները կան, բայց ես կարծում եմ, որ պէտք է խոր ուսումնասիրութիւն իրականացուի, հետաքննութիւն իրականացուի եւ գնահատական տրուի, թէ միտում եղե՞լ է, չի եղե՞լ, կա՞ն մեղաւորներ, ցուցաբերուե՞լ է անգործութիւն, թէ՞ ոչ: Արդիւնքների մասին կը զեկուցեմ»:

Իր հերթին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարեց, որ խափանման պատճառներու վարկածները երկուքն են, երկուքն ալ՝ արտաքին, ներքին պատճառ չկայ:

Յուլիս 10-ին Հայաստանի որոշ մարզերու ու Երեւանի մէջ հոսանքազրկումներ եւ հոսանքի տատանումներ տեղի ունեցան: Պաշտօնեաները յայտարարեցին, որ երկրի ուժանիւթի համակարգին մէջ վթար տեղի ունեցած է, որուն հետեւանքով սկիզբը անջատուած է Հրազդանի ՋԷԿ-ի (ջերմաելեկտրակեդրոն) 5-րդ հատուածը, այնուհետեւ՝ Երեւանի ՋԷԿ-ն (ջերմաելեկտրակեդրոն) ու աւելի փոքր կայաններ:

Յայտարարուած է նաեւ, որ հակառակ նման մաշատապային վթարին, համակարգի կայունութիւնը 70 տոկոսով ապահովուած է․ ելեկտրականութիւն ներկրուած է Վրաստանէն եւ Իրանէն:

Կառավարութեան նիստին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանին ու Վրաստանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment