Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Մէջ Հարցապնդուողներուն 61 Տոկոսը Հայաստանը Սպառնալիք կը Համարէ

Թուրքիոյ Մէջ Հարցապնդուողներուն 61 Տոկոսը Հայաստանը Սպառնալիք կը Համարէ

by MassisPost

Պոլսոյ Քատիր Հաս համալսարանի Թուրքիոյ շուրջ ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը հետաքրքիր հետազօտութիւն իրականացուցած է` պարզելու թրքական հասարակութեան մօտեցումը երկրի արտաքին քաղաքական օրակարգին առնչուող շարք մը հարցերուն վերաբերեալ: Հարցման մասնակցած է ընկերային տարբեր խումբերու պատկանող, քաղաքական եւ կրօնական տարբեր հայեացքներով 1000 քաղաքացի Թուրքիոյ 26 նահանգներէն:

Ուշագրաւ է, որ հարցուածներու 61,2 տոկոսը Հայաստանը Թուրքիոյ համար սպառնալիք ներկայացնող երկիրներու շարքին դասած է: Հարցման մասնակցած քաղաքացիներու 81,3 տոկոսի կարծիքով՝ Թուրքիոյ անվտանգութեան ամէնէն շատ սպառնացող երկիրը ԱՄՆ-ն է, որուն կը յաջորդեն Իսրայէլը, Ֆրանսան եւ Անգլիան: Թուրքիոյ բարեկամ երկիրներու շարքին առաջին տեղը կը զբաղեցնէ Ատրպէյճանը՝ այս համոզմունքը կը կիսէ հարցուածներու 65,3 տոկոսը: Բարեկամ երկիրներու շարքին են նաեւ միջինասիական պետութիւնները` Ղազախստանը, Ուզպէքստանը, Ղրղըզստանը:

Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցման մասնակիցներու 61,1 տոկոսը նշած է, որ կ’աջակցի Թուրքիոյ անդամակցութեան եւրոպական ընտանիքին: Այնուհանդերձ, քաղաքացիներու միայն 32 տոկոսը կը հաւատայ, որ Թուրքիան երբեւէ Եւրոմիութեան անդամ երկիր կը դառնայ: Այս գործընթացին որպէս գլխաւոր խոչընդոտ նշուած է թրքական եւ եւրոպական հասարակութիւններու միջեւ կրօնի եւ ինքնութեան տարբերութիւնը: Փոխարէնը, քաղաքացիներու 27,8 տոկոսը կը կարծէ, որ պէտք է Թրքական միութիւն հիմնել:

Զուգահեռաբար՝ հարցուածներու կէսէն աւելին կարեւորած է Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները եւ կողմ արտայայտուած ռազմավարական գործընկերութեան խորացման: Նոյնը կարելի չէ ըսել ԱՄՆ-ի մասին․ հարցման մասնակիցներու համոզմամբ՝ արտաքին հարթութեան վրայ Թուրքիոյ համար ամէնէն խնդրայարոյցը ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններն են: Արտաքին քաղաքական միւս մարտահրաւէրներու շարքին են սուրիական պատերազմն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment