Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ստեփանակերտը Կ’ողջունէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Արցախին Առնչուող Երկու Օրինագիծերը

Ստեփանակերտը Կ’ողջունէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի Արցախին Առնչուող Երկու Օրինագիծերը

by MassisPost

Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ «Ազգային պաշտպանութեան պիւտճէթային յատկացումներու մասին» օրէնքին մէջ քոնկրէսական Ճուտի Չուի ներկայացուցած փոփոխութեան ընդունումը, որ կը վերահաստատէ Ինկըլ-Ռոյս նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ միտուած Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու միջեւ շփման գիծին լարուածութեան թուլացման։ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղարը յոյս յայտնած է, որ ընդունուած փոփոխութիւնը նոր խթան կը հանդիսանայ Ռոյս-Ինկըլ առաջարկութիւններու իրականացման համար։

«Մասնաւորապէս, փաստաթուղթը նախատեսում է շփման գծից դիպուկահարների, ծանր զինթեխնիկայի եւ նոր զինատեսակների հետքաշում, ինչպէս նաեւ հրաձգութիւնների տեղորոշման համակարգերի ներդրում եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի գրասենեակի անձնակազմի ընդլայնում», – նշած է Անի Սարգսեանը իր մեկնաբանութեան մէջ՝ համոզմունք յայտնելով, որ հրադադարի ռեժիմի հետեւողական ամրապնդումը, այդ շարքին՝ միջազգային վերահսկման մեխանիզմներու ներդրման միջոցով, պիտի նպաստէ խաղաղ կարգաւորման ուղղուած արդիւնաւէտ բանակցութիւններու համար բարենպաստ մթնոլորտի ստեղծման։

«Արցախեան կողմը բազմիցս ընդգծել է խաղաղ գործընթացը շարունակելու համար պայմանների ստեղծման կարեւորութիւնը եւ հանդէս եկել շփման գծին լարուածութեան թուլացման եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումների իրականացման վերաբերեալ տարբեր կառուցողական նախաձեռնութիւններով։ Որպէս վերջին օրինակներէն մին կարելի է նշել պաշտօնական Ստեփանակերտի պատրաստակամութիւնը՝ միջազգային միջնորդներուն տրամադրել արցախեան կողմի տեղադրած սահմանային իրավիճակի տեսահսկման համակարգի տուեալները։ Աւելին, շփման գծի մշտական տեսադիտարկման տուեալ համակարգը կարող է դառնալ հրադադարի ռեժիմի վերահսկման միջազգային մեխանիզմի բաղկացուցիչ մաս։

Դժբախտաբար, ատրպէյճանական կողմը հետեւողականօրէն մերժում է ինչպէս արցախեան կողմի, այնպէս էլ միջնորդների կողմից արուած առաջարկութիւնները՝ միտուած ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտում լարուածութեան նուազեցմանը, այդ թւում՝ ԱՄՆ քոնկրէսականներ Էտ Ռոյսի եւ Էլիոթ Ինկըլի նախաձեռնութիւնը, որն ԱՄՆ Քոնկրէսում երկու կուսակցութիւնների կողմից մեծ աջակցութիւն ստացաւ», – ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակի մեկնաբանութեան մէջ:

Օրինագիծը անցած է ձայներու 234 կողմ, 195 դէմ յարաբերակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment