Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Յաղթանակի Ապրիլ

Յաղթանակի Ապրիլ

by MassisPost

Ճրտգ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

hampartsum-aghbashianԿրկին Ապրիլ 24 է եւ մեր սրբացած նահատակներուն յիշատակը ազգովին պիտի նշենք ամէնուրեք։ Այս տարի աւելի ոգեւորութեամբ պիտի նշուի Ապրիլ 24ը, ի մասնաւորի մեր հայրենիքէն ներս, ուր ժողովուրդը աւելի ազատ կը շնչէ այսօր: Բոլորս պիտի մասնակցինք հրապարակային բողոքներուն եւ թշնամիին ցոյց պիտի տանք, որ մենք կանք ու պիտի մնա՛նք: Սակայն մեր ուսերուն վրայ տակաւին ծանր բեռը կը մնայ, մե՛ծ պարտականութիւն մը՝ նոր սերունդը դաստիարակել, որպէսզի ան լաւատեղեակ ըլլայ իր պատմութեան, միշտ ջահը վառ պահէ եւ պահանջատէր մնայ: Մեր մատղաշ սերունդը պէտք է լաւապէս գիտակցի, որ միայն Սուլթան Ապտուլ Համիտը, Թալէաթը, Էնվերը եւ Ճեմալը չէին որ գործադրեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, այլ Քեմալ Աթաթուրք եւս շարունակեց անոնց սկսած ոճիրը, իսկ երբ հայերը արդէն իսկ ֆիզիքապէս ուժասպառ էին եւ հոգեպէս ընկճուած, անոր հետեւորդը՝ Իսմաթ Ինէնօն, վրայ հասաւ իր «Վարլըխ Վերկիսի» անշարժ գոյքերու սնանկութեան օրէնքով, որ իր կարգին հայ  բարեկեցիկ դասակարգին նիւթական մեծ վնասներ հասցուց:

Իսկ ներկայիս, Թուրքիոյ երազկոտ «սուլթան» Էրտողանը կ՛աշխատի ճզմել իր իսկ թուրք արիւնակիցները եւ բանտերը կը նետէ իր հակառակորդները. ան քիւրտական քաղաքները աւերակներու կը վերածէ եւ իր եղբայր իսլամ քիւրտերը կը հալածէ, ալ ո՛ւր մնաց Թուրքիոյ մէջ հայերուն խաղաղ ապրելու մտահոգութիւնը կամ Ցեղասպանութեան ճանչումը. Էրտողան կը միտի Թուրքիոյ հայը անզօր ստրուկի վերածել:

Էրտողան նաեւ կը շարունակէ Ցեղասպանութեան հետքերը վերացնել, եկեղեցիները մզկիթներու կամ այլ պետական շէնքերու վերածել, եթէ անոնք տակաւին ախոռներու չեն վերածուած. ան հայկական մշակոյթը անհետացնել կը ջանայ. արդարեւ, ներկայիս, պետական մակարդակով եւ հովանաւորութեամբ, թուրք պատմաբաններ տասնեակ հատորներ կը պատրաստեն զանազան լեզուներով՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելու համար:

Միւս կողմէ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը կը զարգանայ եւ մեր բարեկամ երկիրներուն ու աջակիցներուն թիւը օրէ օր կ՛աճի. հետեւաբար, մենք յաղթանակի՛ ճանապարհին վրայ ենք:

Այս առումով, վերջերս մե՛ծ յաղթանակ արձանագրուեցաւ, երբ Ֆրանսայի նախագահ Իմանուէլ Մաքրոն որոշեց Ապրիլ 24ը  իբրեւ սուգի օր նշել Ֆրանսայի մէջ։ Էրտողան, իր կարգին, անշուշտ զայրացա՛ծ, սպառնաց եւ փորձեց պատմութեան դաս մը տալ Մաքրոնին՝ յիշեցնելով իր պետութեան «քաջագործութիւնները» Ալճերիոյ մէջ եւ այլուր: Արդարեւ, թուրքերը կը փորձեն շեղել Մաքրոնի որոշումին միտումը եւ տկարացնել անոր ազդեցութիւնը՝ պատճառաբանելով, թէ անոր  նպատակն է Եւրոպական Միութեան դռները փակել Թուրքիոյ դիմաց։ Թէեւ կրնայ պատճառներէն մէկը իսկապէս այդ ըլլալ, այնուամենայնիւ մենք մեր ուզածը ստացանք արդէն:

Մէկ ուրիշ կարեւոր ձեռքբերում մըն ալ Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլ Ֆաթահ Սիսիի արտայայտութիւնն էր Տաւրոսի համագումարին ընթացքին, երբ ան անուղղակի կերպով հաստատեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ յիշելով Եգիպտոս ապաստանած հայ գաղթականները Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն։ Այդ մէկը եւս զայրացուց Էրտողանը:

Միւս զարգացումը Սէուտիա Արաբիոյ դիրքն է: Վերջինս նոյնիսկ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի Հայաստնի հետ, Արցախի տագնապին պատճառով՝ Ատրպէյճանի սիրոյն անշուշտ, ալ ո՛ւր մնաց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը։ Սակայն, հոս կրկին քաղաքականութիւնը իր դերը խաղաց՝ մե՛ր օգտին։ Սէուտիա Արաբիան մրցումի մէջ է Թուրքիոյ հետ Իսլամական աշխարհը առաջնորդելու տենչով, իսկ վերջերս սէուտցի լրագրող եւ խմբագիր Խաշաքճիի սպանութեան համար Էրտողան փորձեց ամբաստանել գահաժառանգ իշխան շէյխ Մուհամատ Սալմանը։ Ի պատասխան, Սէուտիա Արաբիոյ պատկանող «Շարք Աուսաթ» թերթի էջերուն վրայ առաջին անգամ ըլլալով լոյս տեսաւ Ցեղասպանութեան մասին յօդուած մը, որուն մէջ յիշուեցաւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումով Թուրքիա հատուցումներ պէտք է կատարէ, եւ թէ ա՛յդ է հիմնական պատճառներէն մէկը, որուն համար թուրքերը կը հերքեն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը:

Այս բոլորի կողքին ակնյայտ է, որ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող երկիրներու, նահանգներու եւ քաղաքներու թիւը մնայուն աճի մէջ է, ինչպէս վերջերս Միացեալ Նահանգներու Ալապամա նահանգը:

Մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը մինչեւ մեր իրաւունքներու ձեռք բերումը. ուրիշ այլընտրանք չունի՛նք: Մենք յաղթանակի ճամբուն վրայ ենք եւ պիտի տոկանք, սակայն արդի պայմաններուն մէջ, հարկ է որ շատ աշխատինք, յաւելեալ ջանք թափենք, գերմարդկային ուժ եւ կարողութիւն ցուցաբերենք, որպէսզի կարենանք հասնիլ մեր նպատակին: Հետեւաբար, մեր նահատակներուն յիշատակը նշենք ու անցնի՛նք առաջ. մեր նոր սերունդը դաստիարակենք ու զայն լաւապէս պատրաստենք գալիքին։ Այո՛, թուրքը ուզեց մեզ ոչնչացնել, սակայն մենք կրկին ոտքի կանգնեցանք, եւ ահաւասիկ ներկայիս ունինք անկախ հայրենիք, ազատագրուած Արցախ, հզօր բանակ, զարգացած ժողովուրդ եւ միշտ թիկունք կանգնող բարգաւաճ Սփիւռք:

Ալ լալ ու ողբալու ժամանակ չունինք, աշխատա՛նք է պէտք:

«Այսքան դար լացինք, ո՞վ է լսողը,

Մեզ ի՞նչ շահ բերաւ արցունքի ծովը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment