Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Merci Macron, Merci France

Merci Macron, Merci France

by MassisPost

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

Ֆրանսայի կողմէ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացումը սքանչելի եւ հոյակապ արարողութիւն մըն էր, որ պանծացուց անոր յիշատակը եւ իրեն հետ մեծարեց հայ ժողովուրդը: Ֆրանսական France 2 հեռատեսիլէն եւ քանի մը այլ հեռատեսիլի կայաններէ ցոյց տրուած երեք ժամուան զգլխիչ արարողութիւնը արտացոլացուց ամէն ինչ, որ հայու սրտին կը խօսի որպէս ազգային պատմութիւն եւ ազգային արժէք ‒ ցեղասպանութիւն, ծնողազրկութիւն ու որբութիւն, թափառական հայու մռայլ ճակատագիր, Ազնաւուրի ու Կոմիտասի երաժշտութիւն, եւ հայկական տուտուկի խորասոյզ նուագ:

Կատարեալ կազմակերպութեամբ եւ նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի ազնիւ որոշումով իրականացած պանթէոնականացումին ներկայ գտնուեցան, մեծ թիւով հայերու կողքին, երկրին վարչապետն ու ընդդիմադիր ազգայնական ուժերու ներկայացուցիչ Մարին Լը Փենը: Հոն էին ֆրանսացի ժողովուրդին ներկայացուցիչները՝ աջով ու ձախով եւ կեդրոնով, մեծարելու համար համայնավար հայը, որ կեանքը զոհած էր Ֆրանսայի ազատագրութեան համար: Հոն էր նաեւ Հայաստանի վարչապետը՝ Մաքրոնի հրաւէրով ժամանած եւ իր կողքին կայնած, որպէս ներկայացուցիչ հայ ժողովուրդին, որբութենէ դէպի հերոսութիւն քալած Միսաք Մանուշեանով մեծարուելու եւ անով հպարտանալու պատուին արժանանալու համար:

MERCI MACRON, MERCI FRANCE.

Շարլ Ազնաւուրի յուղարկաւորութեան առթիւ ցուցաբերուած ասպետական մեծարանքը, որ տրուած էր նախագահ Մաքրոնի կողմէ քանի մը տարի առաջ, եւ ներկայիս ալ Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացումը անոր կողմէ, ամէն հայու սրտի տաքուկ մէկ անկիւնին մէջ կը դնէ զայն: Անոր հայանպաստ դիրքորոշումը 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստանի եւ հայուն ամէնուրեք կուտայ իրաւունք կոչելու զայն սրտամօտ եւ սրտակից բարեկամ:

Ու երբ կը դիտես օտարին կողմէ տրուած այս աստիճանի մեծարանք հայու մը նկատմամբ, անոր՝ որ տոգորուած էր ազատագրական պայքարի տենչով եւ լեցուն էր համամարդկային գաղափարներով որպէս համայնավար, չես կրնար մտքովդ չյիշել ան, որ Միսաք Մանուշեանի պէս կանգնած իր տասնինը ընկերներու կողքին՝ կախաղան բարձրա­ցաւ նոյն տենչով ու գաղափարով տոգորուած եւ Հայաստանը ազատագրուած տեսնելու երազով: Չես կրնար Ֆրանսայի ըրածը մեծարելով չակնկալել, որ քու հայրենիքդ ալ մեծարէ իր ազգային հերոսը՝ Մեծն Փարամազը, առանց նկատի առնելու անոր գաղափարական հաւատամքը, ինչպէս ծայրայեղ աջակողմեան Մարին Լը Փեն նկատի չառաւ Մանուշեանին համայնավար ըլլալը՝ ներկայ գտնուելով անոր մեծարանքի հանդիսութեան:

Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացման առթիւ Էմմանուէլ Մաքրոնի կողքին կանգնած Նիկոլ Փաշինեանը դաս պէտք է առնէ անկէ՝ պանծացնելու յիշատակը Մեծն Փարամազի, որ Միսաք Մանուշեանի նման կը հաւատար ընկերվարական գաղափարին եւ անոր պէս զոհուեցաւ իր երկրին ու ժողովուրդին ազատագրութեան համար:

Մանուշեանի գնդակահարումը տեղի ունեցած էր 21 փետրուար 1944-ին: Ֆրանսան ութսուն տարի ետք,‒ աջ ու ձախ վարչակարգեր ունենալէ ետք,‒ ունեցաւ Էմմանուէլ Մաքրոնի պէս նախագահ մը, որ նկատի չառաւ Միսաք Մանուշեանի համայնավար ըլլալը եւ անոր մէջ տեսնելով ազգային հերոսը՝ զայն պանթէոնականացուց ֆրանսացի մեծ մարդոց կողքին: Պանթէոնի  մուտքի ճակատին վրայ գրուած է «ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԵՐԱԽՏԱՊԱՐՏ Է ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՑ» (AUX GRANDS HOMMES LA PATRIE RECONNAISSANTE): Եռաբլուրի վրայ ալ մենք կը ճանչնանք մեր հերոսները: Հայրենիքը զանոնք կը ճանչայ որպէս մեծ մարդիկ:

Ժամանակն է, որ Փաշինեանն ալ,‒ Մաքրոնի օրինակին հետեւելով,‒ հարիւր տասը տարի ետք՝ 2025-ին, զանց առած գաղափարական պատկանելիութիւնը Մեծն Փարամազի՝ ունենայ աջակողմեան Մաքրոնի քաջութիւնը համայնավար Միսաք Մանուշեանը մեծարող, որպէսզի Մեծն Փարամազն ալ նկատուի ազգային հերոս եւ իր արժանի տեղը գտնէ Եռաբլուրի մէջ՝ Անդրանիկ փաշայի կողքին:

Վերադառնալով Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացման արարողութեան անթերի, կատարեալ եւ բարձրորակ բնոյթին, որ վայել է աշխարհին ճաշակ ու մշակոյթ տուած Ֆրանսայի, ամէն հայու սրտէն բխած շնորհակալութիւն մեր սիրելի Մաքրոնին ու Ֆրանսային՝ ըսելու, թէ մենք ալ երախտապարտ ենք իրենց մեր հերոս զաւակը մեծարելնուն առթիւ ցուցաբերած վեհանձնութեան համար:

MERCI MACRON, MERCI FRANCE.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment