Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Չիրականացան Ալիեւի Ծրագիրները

Չիրականացան Ալիեւի Ծրագիրները

by MassisPost

Արցախը հայաթափելէ ետք Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ աճապարեց նշանակելու արտահերթ ընտրութիւններ այն ակնկալութեամբ, որ պիտի կարողանայ օրինականացնել իր վարչակարգը ու իր վրայէն հեռացնէ բռնապետի պիտակը, որ յաճախ կը տրուի իրեն՝ միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններուն կողմէ:

Այս անգամ եւս Ալիեւ չկարողացաւ դիմանալ գայթակղութեան ու  րնտրուեցաւ իրեն յատուկ 92   տոկոս եւ աւելի ձայներով, որոնց շարքին դատարկ Ստեփանակերտի մէջ «ստանալով՚ 6000  ձայն, թէեւ բացի նախագահական ընտանիքի անդամներէն այլ ընտրողներ չեն եղած հոն:

Չուշացաւ եւրոպացի դիտորդներու ժխտական գնահատականը ու անոնք եկան յայտարարելու, թէ ընտրութիւնները անցած են կրկնակի քուէարկութիւններով, լցօնումներով ու լրջագոյն խախտումներով: «Արտահերթ նախագահական ընտրութիւնները անցան սահմանափակող միջավայրին մէջ, եւ թէեւ անոնք լաւ նախապատրաստուած էին, սակայն քննադատական ձայներն ու քաղաքական այլընտրանքները հիմնականին մէջ կը բացակայէին: Ցաւօք, նախորդ առաջարկութիւնները՝ օրէնսդրական դաշտը ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջազգային չափանիշերուն համապատասխանեցնելու վերաբերեալ, մնացին անտեսուած», ըսուած էր ԵԱՀԿ դիտորդներու  գնահատականին մէջ, աւելցնելով, որ նման գործընթացները  չեն համապատասխաներ ժողովրդավարական ընտրութիւններու չափանիշերուն: Միացեալ նահանգները եւս յայտարարեց, որ կը կիսէ ԵԱՀԿ-ի դիտարկումները եւ կոչ կ՛ընէ, որպէսզի  Ատրպէյճան կատարէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները՝ հիմնարար ազատութիւններուն եւ ժողովրդավարական գործընթացներուն վերաբերեալ:

Մոսկուան, որ վերջերս դարձած է Ատրպէյճանի ոչ միայն ռազմական, այլ նաեւ քաղաքական յենարանը, չուշացաւ հասնելու Պաքուի օգնութեան՝ քննադատելով ընտրութիւններուն վերաբերեալ բացասական գնահատականները, զանոնք նկատելով կողմնակալ:

Ծիծաղ յառաջացնող յայտարարութեամբ մը Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կը մէջբերէ ռուսաստանցի դիտորդներուն մեկնաբանութիւնները, որոնց համաձայն՝ «քուէարկութիւնը անցած է մրցակցային պայմաններու մէջ, այլընտրանքային հիմունքներով եւ բարենպաստ մթնոլորտի մէջ՚: Սակայն, իրականութիւնը այն է, որ Ատրպէյճանի ընդդիմադիր կուսակցութիւնները պոյքոթի ենթարկած էին նախագահական ընտրութիւնները, յայտարարելով թէ  արդիւնքները արդէն իսկ կանխորոշուած էին: Իսկ ընտրութիւններուն մասնակցող միւս թեկնածուները  իրենց  ելոյթներուն մէջ կը գովաբանէին Իլհամ Ալիեւին:

Եւրոպացի դիտորդներու զեկոյցներուն մէջ տեղ գտած գնահատականները կը յիշեցնեն ոչ հեռու անցեալի Հայաստանի ընտրութիւններներուն մասին անոնց զեկոյցները: Հայաստանի ժողովուրդը գիտակցելով, որ ընտրութիւններու միջոցաւ պիտի չկարողանայ հասնիլ իշխանափոխութեան, ստիպուած եղաւ դիմելու աւելի կտրուկ քայլի՝ համաժողովրդային յեղափոխութեամբ հեռացնելով նախկին փտած ու կաշառակեր վարչակարգը: Ատրպէյճանի ժողովուրդը եւս այլ ելք չունի, բացի հետեւելու Հայաստանի օրինակին:

ԱՄՆ-ի, Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու ղեկավարները չշնորհաւորեցին Ալիեւին զինք մատնելով յուսախաբութեան: Այսպիսով, ձախողեցան օրինականութիւն ապահովելու անոր ծրագիրները ու ան պիտի շարունակէ մնալ անդամ՝ բռնապետներու ակումբին:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment