Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ես Այսօր Այստեղ եմ իմ Ամբողջ Ընտանիքի Անունով. Նիքոլա Ազնաւուրը Ծիծեռնակաբերդ Այցելեց

Ես Այսօր Այստեղ եմ իմ Ամբողջ Ընտանիքի Անունով. Նիքոլա Ազնաւուրը Ծիծեռնակաբերդ Այցելեց

by MassisPost

Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցած է Շարլ Ազնաւուրի որդին՝ Նիքոլա Ազնաւուրը:

«Ինծի համար կրկնակի տխուր է այսօր այստեղ գտնուիլը, քանի որ սա առաջին տարին է, որ այս օրը իմ հայրը չկայ: Իմ մօրական կողմը Ցեղասպանութեան ընթացքին ամբողջովին զոհուած է: Եւ այդ ցաւը մեր ընտանիքին մէջ միշտ եղած է, ինչպէս շատ ընտանիքներու մէջ կայ: Շատ կարեւոր է յիշել Ցեղասպանութեան զոհերը, եւ ես այսօր այստեղ եմ իմ ամբողջ ընտանիքի անունով: Եւ ես կոչ կ’ընում բոլորին գալ այստեղ ե՛ւ այսօր՝ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, ե՛ւ ընդհանրապէս, նոր նախագիծերով ու ներդրումներով՝ Հայաստանի ծաղկման համար: Այսօր մօտենալով անմար կրակին ես զգացի այն, ինչ զգացած եմ հօրս կողքին ըլլալով: Ես զգացի, որ այսօր ան մեզի հետ է՝ ճիշդ այնպէս, ինչպէս միւս բոլոր մարդիկը, որոնք եկած են յարգելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Կը կարծեմ՝ անոր ցանկութիւնը պիտի ըլլար, որ ես այսօր անպայման այստեղ ըլլայի: Ու ես այստեղ եմ»:

Նիքոլա Ազնաւուրը նաեւ վստահեցուցած է, որ իր հօր նման պիտի շարունակէ բարձրացնել Ցեղասպանութեան հարցը՝ ընդգծելով.

«Կ’ուզեմ նշել, որ ան երբեք չէ ունեցած ատելութեան զգացում միւս ազգի նկատմամբ, եւ ան միշտ կ’երազէր խաղաղութեան մասին: Կ’երազէր, որ երիտասարդութիւնը ապրի խաղաղութեան մէջ՝ առանց ատելութեան»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment