Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սերժ Սարգսեանի Նախկին Թիկնապահ Վաչական Ղազարեանը Կրկին Կալանաւորուեցաւ

Սերժ Սարգսեանի Նախկին Թիկնապահ Վաչական Ղազարեանը Կրկին Կալանաւորուեցաւ

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը կը հաղորդէ, որ Վճռաբեկ դատարանը բաւարարած է գլխաւոր դատախազի տեղակալի բողոքը եւ ուժի մէջ թողած Սերժ Սարգսեանի խմբակից Վաչական Ղազարեանը կալանաւորելու որոշումը։ Պետական պահպանութեան ծառայութեան պետի նախկին առաջին տեղակալ, Հայաստանի երրորդ նախագահի թիկնազօրի նախկին պետ Ղազարեանը կալանաւորուած է:

Վաչական Ղազարեանի նկատմամբ ամրան մեղադրանք առաջադրուած է Բարձրաստիճան պաշտօնատար անձանց էթիքայի յանձնաժողով ներկայացուցած յայտարարագրերուն մէջ իր ունեցած դրամական միջոցներու իրական չափի մասին յայտարարագրման ենթակայ տուեալները թաքցնելու, ապօրինի հարստանալու համար: Ղազարեանը կալանաւորուած էր երկու ամիսով, եւ համաձայն չըլլալով դատարանի որոշման՝ այն բողոքարկած էր Վերաքննիչ ատեան եւ ազատ արձակուած 1 միլիառ դրամ գրաւի դիմաց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment