Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քաղաքական Կայունութեան Ճանապարհին

Քաղաքական Կայունութեան Ճանապարհին

by MassisPost

Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունենալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցութեան ժամկէտներուն հետ կապուած, շարք մը կուսակցութիւններ յայտարարեցին, որ կը հրաժարին Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելէ: Նման որոշում կայացուցին Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ Ազգային Գոնկրէսը, Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջնորդած «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը եւ շարք մը այլ կուսակցութիւններ: Այս քայլին դիմող քաղաքական բոլոր ուժերն ալ իրենց որոշումը կը հիմնաւորեն գործող ընտրական օրէնքի թերութիւններով, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան գաղափարներու վրայ հիմնուած ընտրապայքար մղելու կարելիութեան առջեւ:

Միւս կողմէ, նախկին իշխանութեան մնացորդները, որոնք կը շարունակեն հանդէս գալ ՀՀԿ-ի անունով, բաւական ոգեւորուած կը թուին ըլլալ, յայտարարելով թէ կը յաւակնին դառնալ Խորհրդարանէն ներս երկրորդ ուժը:

Հրապարակի վրայ է նաեւ մեծահարուստ գործարար Գագիկ Ծառուկեանի գլխաւորած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, որ ինք եւս կը ձգտի երկրորդ տեղին:

Այսօրուայ դրութեամբ բոլոր քաղաքական ուժերն ալ համոզուած են, որ յեղափոխութիւնը առաջնորդած Փաշինեանի կուսակցութեան յաղթանակը անխուսափելի է եւ միակ հարցականը կը մնայ տոկոսներու պարագան: Հիմնուելով երկու ամիս առաջ տեղի ունեցած Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ, կանխատեսութիւնը այն է որ այդ կուսակցութիւնը պիտի ստանայ ժողովուրդի առնուազն 70 տոկոսի ձայները:

Յեղափոխութենէն ետք բոլորի մօտ կար այն սպասումը, որ յաջորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի ըլլան ազատ ու արդար եւ պայքարը պիտի ընթանայ միմիայն գաղափարական դաշտի վրայ: Հակառակ բոլոր ջանքերուն, կարելի չեղաւ ընտրութիւններէն առաջ փոփոխութեան ենթարկել ընտրական օրէնսգիրքը եւ իրականացնել ժողովուրդի ակնկալիքները:

Թէեւ, Գաղափարական որոշ սկզբունքներ կրող կուսակցութիւններու հեռացումը ընտրական գործընթացէն, կորուստ պիտի ըլլայ Հայաստանի համար, Սակայն յեղափոխութիւնը իր աւարտին հասցնելու եւ երկրէն ներս կայունութեան հաստատման ճանապարհին յառաջիկայ ընտրութիւնները կը հանդիսանան միակ ելքը:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment